Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Սեւանայ լիճը պէտք է շահաբեր հանգստեան գօտիի վերածել

Այս կարծիքին է վարչապետ Կարէն Կարապետեանը։ Սեւանը պէտք է շահագործման տրուի եւ փոխադարձ շահոյթով դառնայ հանգստեան գօտի ժամանակակից արդիական բոլոր հնարաւորութիւները գործարկելով։

Ներկայիս, Սեւանի մակարդակը կը կազմէ 1900.76մ., որ լաւ ցուցանիշ է։ Մինչեւ 2030 մակարդակը պիտի հասնի1903.5-ի։

 

Հայեր իրենց ընտանիքին մէջ չեն ընդունիր գնչու, հրեայ կամ իսլամ

Ամերիկեան Փօ կեդրոնը հետազօտութիւն մը կատարած է Արեւելեան Եւրոպայի 18 երկիրներու մէջ, ուր հարցումներէն մէկը կը վերաբերի  փոքրամասնութիւններուն։ Արդիւնքներէն պարզ կը դարձած է, որ հայերուն 85 տոկոսը չի ցանկար իր ընտանիքին մէջ գնչու տեսնել, 60 տոկոսը՝ գնչու հարեւան ունենալ։ Հայեր չեն ցանկար նաեւ իրենց ընտանիքին մէջ իսլամ անդամ ունենալ՝ 92 տոկոս, դրացի՝ 77 տոկոս, եւ Հայաստանի քաղաքացի՝ դարձեալ 77 տոկոս։ Հրեաներու նկատմամբ. հայեր իրենց ընտանիքին մէջ չեն ուզեր հրեայ տեսնել՝ 66 առ հիւրիւր, իսկ հրեայ դրացի՝ 33 տոկոսն է որ դէմ է։

 

………………………………………………….

Եուրովիժըն երաժշտական մրցոյթը յաղթեց Փուրթուկալը

Մայիս 14-ին Քիեւի մէջ տեղի ունեցաւ Եուրովիժըն-2017-ի եզրափակիչը։ Յաղթեց Փորթուկալը ներկայացնող Սալվատոր Սոպրալը։ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արծուիկ Յարութիւնեանը գրաւեց 18-րդ դիրքը։ Երկրորդն էր Պուլկարիոյ, եւ երրորդ՝ Մոլտովայի ներկայացուցիչը։

Այնպէս որ 2018-ի երգի այս մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ յաղթական Փորթուկալի մէջ։

 

 

Գարեգին Բ. Ներսիսեան – Գարեգին Արք. Պէքճեան կարեւոր հանդիպում Ս. Էջմիածնի մէջ

 

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան, որ ներկայիս կը գտնուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) Մոս­կուա­յի մօ­տա­լուտ նստաշր­ջա­նին ըն­դա­ռաջ կը քննար­կէ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի առ­կայ հար­ցե­րը։

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը Մայիս 12-ին ըն­դու­նեց Տ. Գարեգին Արք. Պէք­ճեա­նը, որ տե­ղա­պա­հի ընտրութենէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ մեկ­նած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Օրուան տե­ւո­ղու­թեան զա­նա­զան առիթ­նե­րով Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը տեսակցած է ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հին հետ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան աղ­բիւր­նե­րը այս փու­լին պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դում­ներ պի­տի չկա­տա­րեն եւ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի խնդիր­նե­րուն մա­սին ըսուելիք­նե­րը պի­տի նե­րառ­նուին ԳՀԽ­-ի նստաշր­ջա­նի ա­ւար­տին հրապարակուե­լիք հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ, կը յայտնէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը։

Միւս կողմէ, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեա­ն եւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տ մանրամասնօ­րէն աչ­քէ ան­ցու­ցած են Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին առնչուող վերջին զարգացումները։ Ընտրեալ տեղապահը կը յուսայ, որ ամէն ինչ հանդարտ ու խաղաղ պայմաններով լուծուի։ Կը սպասուի, որ Մոսկուայի մէջ կայանալիք ժողովներուն ընթացքին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի առաջնորդի ընտրութեան Փոխանորդի ու Տեղապահի այս տագնապը շուտով կը յստակեցուի։

 

«Կ՚ուզեմ լալ»… WannaCry համակարգչային «յարձակում»ը կը խլէ բազմահազար «զոհեր»

 

Առցանց ահաբեկիչներու կողմէ տարածուող WannaCry համակարգչային ժահրը (virus) անցեալ շաբաթ պատանդ պահած էր բազմահազար համակարգիչներու օգտատէրեր, սպառնալով ջնջել անոնց տուեալները, եթէ 300 տոլար փրկագին չվճարէին։ Եւ ասիկա՝ աշխարհով մէկ։ Այս «յարձակումը» վտանգի տակ դրաւ ոչ միայն անձնական համակարգիչներ, այլ նաեւ՝ հանրային, ինչպէս նաեւ կանգ առնել տուած է կարգ մը հիւանդանոցներու աշխատանքը, վտանգի տակ դնելու շատերու կեանքը։

Ամերիկեան ընկերութիւններէն առաջինը տուժեց FedEx-ը։ Ընդհանուր առմամբ տուժեցին 150 տարբեր երկիրներու հարիւր հազարաւոր համակարգիչներ։

Ռուսիոյ նախագահ Փութին մեղադրած է ԱՄՆ-ը, նման ժահր տարածելու մէջ։

Տակաւին «գող»երուն ինքնութիւնը չէ պարզուած,  իսկ Microsoft ընկերութիւնը պէտք եղածը կատարած է, վերադարձնելով կեանքը սովորական հունի։ Պարզապէս, խորհուրդ կը տրուի, որ մարդիկ աչալուրջ ըլլան։

…………………………………..

Նախագահ Սարգսեան Քաթարի մէջ

 

Նախագահ Սարգսեան Քաթարի մէջ քննարկած է երկու երկիրներու միջեւ  մուտքի արտօնագրի ազատականացման հնարաւորութիւնը Քաթարի էմիր Թամիմ պըն Համատ ալ Թանիի հետ։

Մայիս 15-ի երեկոյեան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Քաթարի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։ Ան ներկայացուցած է Հայաստանի ներկայի յաջողութիւնները եւ բացթողումները, կարեւորած Քաթարի միօրեայ հայկական վարժարանին դերը, ինչպէս նաեւ յուսացած, որ զարկ կը տրուի հայ-քաթարական տնտեսական յարաբերութիւններուն։

 

Արցախեան սահմանին վրայ

Մայիս 15-ին Արցախի արեւելեան սահմանին վրայ, ատրպէյճանական կողմը հրթիռակոծած եւ վնասած է պաշտպանութեան բանակի  ռազմական մեքենայ։ Մարդկային կորուստ չկայ։

 

Լուրեր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութենէն

Մայիս 14, 2017. «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագրէն ներս, Յուլիս 2-15 կազմակերպուած է սփիւռքի լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքներ, փորձառու մասնագէտներու կողմէ։

Մայիս 7-9, 2017. ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Մայիս 7-9 կը գտնուէր Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւա։ Դեսպան Էտկար Ղազարեանի ուղեկցութեամբ ան այցելած է թագաւորական ամրոց-թանգարան։ Ունեցած պաշտօնական հանդիպումներ՝ նախարարներու եւ խորհրդարանականներու հետ։ Իսկ Մայիս 8-ին ներկայ գտնուած եւ ելոյթ ունեցած է Լեհաստանի հայերու երկրորդ համաժողովին (առաջինը տեղի ունեցած էր տարի մը առաջ)։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ