Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2024

Շաբաթաթերթ

Դամասկոս ամբողջութեամբ անցաւ Ասատի հսկողութեան տակ

Սուրիոյ կառավարական զօրքերը կը շարունակեն իրենց հսկողութեան տակ առնել մայրաքաղաք Դամասկոսի տարածքը։ Ականատեսներ կը վկայեն, թէ զինեալներ իրենց ընտանիքներով լքած են մայրաքաղաքի արուարձանները, երբ կառավարական զօրքերը գրաւած են Քապունի շրջանը։

Շուրջ 2000 ընդդիմադիր զինեալներ իրենց ընտանիքներով հեռացած են Դամասկոսէն դէպի Իտլիպ։ Արդարեւ, 2013-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ մայրաքաղաքը ամբողջութեամբ կ՚անցնի կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ