Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ նշանակուեցաւ Արա Բաբլոյեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Չորեքշաբթի օր ՀՀ խորհրդարանի նախագահ նշանակուեցաւ մանկաբոյժ դոկտոր-փրոֆեսոր Արա Բաբլոյեանը։

Ան ծնած է 1947-ին, Երեւան։ Ազգային Ժողովի անդամ է 2007-էն ի վեր, ղեկավարելով տարբեր յանձնախումբեր։ Ան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ է, երեք գիւտի հեղինակ։ Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ։

Սարգսեանի կողմէ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահներ նշանակուած են ներկայ փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովը եւ նախկին նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանը։

 

– Ծառուկեան դաշինքը խորհրդարանէն ներս պիտի ղեկավարէ Գագիկ Ծառուկեանը։

– Նիկոլ Փաշինեան «Ելք» դաշինքի ղեկավար՝ Ազգային Ժողովէն ներս։ «Ելք»ը պիտի ունենայ ինը պատգամաւոր։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ