Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհաւորանք. Յովսէփ Կանիմեան վերընտրուած Թեմական Խորհուրդի ատենապետ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետի պաշտօնին վերընտրուած է ամբողջական հայ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ազնիւ զաւակ, հանրածանօթ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան։

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի 90-րդ Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Մայիս 5-ին, Պրպէնքի Առաջնորդարանին մէջ։

Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը գործէ 1898 թուականէն ի վեր, իսկ Արեւմտեան թեմի առանձնացումը տեղի ունեցած է 1927-ին։ Այնպէս որ տարին յոբելենական է՝ 90 եւ այդ առթիւ պաշտօնապէս Հոկտեմբեր 2017-ին Արեւմտեան թեմին իր օրհնաբեր այցելութիւնը պիտի շնորհէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Կը շնորհաւորենք եւ ամենայն յաջողութիւն կը մաղթենք մեր թերթի ջերմ բարեկամ Տիար Յովսէփ Կանիմեանին, բարձրօրէն շարունակելու համար եկեղեցանուէր ու ազգանուէր իր գործունէութիւնները։

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ