Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Կեդրոնական Վարչութիւն. ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ

 

Յարգարժան խմբագրական եւ վարչական կազմեր

«Նոր Օր» շաբաթաթերթի, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա

 

«Նոր Օր» շաբաթաթերթի 95-ամեակին ուրախ առիթով կ՝ողջունենք Ձեզ՝ շնորհաւորելով Արեւմտեան Ամերիկայի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երկարամեայ պաշտօնաթերթի տարեդարձը։ Մենք հպարտ ենք, որ ՌԱԿ-ի հիմնական օրկաններէն «Նոր Օր»-ը այսօր կը շարունակէ իր տասնամեակներու ազգանուէր առաքելութիւնը՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն հասցնելով զանազան նիւթեր՝ լի  հայաշունչ դաստիարակութիւնով եւ անսակարկ հայրենասիրութեամբ։

Մեծապէս կը գնահատենք Ձեր օրինակելի եւ նուիրական աշխատանքը այս դժուարին գործը Սփիւռքի դժուարին պայմաններուն մէջ յաջողցնելու: Դուք Հայու հաստատակամութեամբ ստանցնած էք հայատառ մամուլի հրատարակութեան ի խնդիր պահանջուող ամէն զոհողութիւնները։

Սոյն գրութեամբ մեր գնահատանքի խօսքը կ՝ուղղենք նաեւ «Նոր Օր»-ը հովանաւորող եւ անոր հսկայական բեռը իր ուսերուն վրայ վերցնող ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի պատուարժան Շրջանային Վարչութեան, որուն անդամները՝ իրենց հոգածութեան առարկան դարձնելով թերթը՝ պատնէշի վրայ կը պահեն անոր առաքելութիւնը։

«Նոր Օր»ի 95-ամեակի ուրախ առիթով մեր լաւագոյն մաղթանքները կը յղենք թերթի խմբագրական եւ վարչական կազմին, աշխատակիցներուն, բարեկամներուն եւ ընթերցողներուն։

Ձեր բոլորին քաջառողջութիւն, բարի երթ եւ յարատեւ յաջողութիւն։

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

  

Սեւակ Յակոբեան՝  Ատենադպիր

 

 Սերխիօ Նահապետեան՝  Ատենապետ


 

21 Մայիս, 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ