Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռուսիա անամօթաբար միջամտած է ԱՄՆ-ի ընտրութիւններուն, կ՚ըսէ Սի.Այ.Էյ.-ի նախկին ղեկավարը

Քոնկրէսէն ներս քննարկուած է Ռուսիոյ միջամտութիւնը ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն։ Ցուցմունք տուած է Կեդրոնական հետախուզութեան գործակալութեան  նախկին ղեկավար Ճոն Պրենանը։ Անոր խօսքերով, Մոսկուայի միջամտութիւնը ապացուցուած փաստ է։

«Իւրաքանչիւրին համար պէտք է յստակ ըլլայ, որ Ռուսիա անամօթաբար միջամտած է 2016-ի նախագահական ընտրութիւններու գործընթացին», ըսած է ան։ Պրենանի կարծիքով, Մոսկուա շարունակած է ազդել ընտրութիւններէն ետք եւս, փորձելով թշնամութիւն սերմանել Ուաշինկթընի մէջ։

Քոնկրէսմէն Ատամ Շիֆ նշած է, որ միջամտութեան որոշումը եկած է Քրեմլինի ամենաբարձր պաշտօնեաներէն։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ