Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Թրամփ այցելեց Սէուտական Արաբիա, Իսրայէլ եւ Եւրոպա

Նախագահն ու առաջին տիկինը Իսրայէլէն մեկնած են Իտալիա, Չորեքշաբթի օր Վատիկանի մէջ հանդիպելով  Հռոմի Ֆրանսիսքոս պապին հետ։ Անոնք փորձած են գտնել հաշտեցման եզրեր եւ շարք մը հարցերու լուծելի ուղիներ։

Յաջորդ օրը Թրամփ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ, որպէսզի բանակցութիւններ վարէ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչներուն հետ, ուրկէ դարձեալ անցաւ Իտալիա։

Յիշեցնենք, որ նախագահ Թրամփ իր առաջին պաշտօնական այցը սկսած էր Սէուտական Արաբիայէն, որպէս մահմետականութեան կեդրոն։ Ապա անցաւ Իսրայէլ՝ ձեռքը դնելով սուրբ համարուող Արեւմտեան պատին վրայ եւ վարչապետ Նաթանիահուի հետ խօսեցաւ շրջանային խաղաղութեան մասին։ Օդակայանը ան դիմաւորուած էր նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի կողմէ։ Թրամփ Իսրայէլէն Իրանին կոչ ըրած է դադրեցնել ֆինանսաւորումը ահաբեկիչներուն։

Պաղեստինցիներու նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ տեսակցելէ ետք ան մեկնած էր Իտալիա։

Մինչ այդ, Երուսաղէմի մէջ ԱՄՆ-ի նախագահը ունկնդրած է Ժառանգաւորացի երգչախումբի ելոյթը Ս. Յարութիւն տաճարին մէջ։

Իննօրեայ ուղեւորութիւնը պիտի աւարտի Սիսիլիա կղզիին վրայ, ուր տեղի պիտի ունենայ Մեծ Եօթնեակի գագաթաժողովը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ