Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս Անճելըս ջնջեց Թուրքիոյ հետ գործարար համաժողովը

Լոս Անճելըսի առեւտուրի պալատը Մայիս 22-ին յայտարարեց, թէ Լոս Անճելըս – Թուրքիա գործարար համաժողովը ջնջուած է, որ տեղի պիտի ունենար Մայիս 25-ին։ Թրքական 12 նշանաւոր ընկերութիւններու հետ այդ ժողովը տեղի պիտի չունենայ՝ անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահին աշխատակիցներուն կողմէ խաղաղ ցուցարարներուն վրայ յարձակումին պատճառով։

Քաղաքային Խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնած է իր կողմէ յառաջ քաշուած այս որոշումին ընթացք տրուելուն համար, ըսելով, թէ ԱՄՆ-ի խաղաղ քաղաքացիներու վրայ յարձակումը դատապարտելի է եւ երկրի օրէնքներու խախտում է։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ