Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի «մեծ տէրութիւնները» ինչո՞ւ չեն կրնար ձերբազատուիլ Թուրքիայէն եւ անոր «պահանջքներէն»

Հակառակ անոր, որ Թուրքիա միշտ եղած է խնդրայարոյց պետութիւն արեւմուտքին, արեւելքին և համայն աշխարհին համար, սակայն ո՛չ մէկը կարողացած է վերջ տալ անոր անհատնում, յարափոփոխ դիրքերով և ակներեւ քաղաքական և այլազան տիպարի հետապնդումներով լի պահանջքներուն: Իսկ այդ բոլորը՝ ծայր առած են Օսմանեան կայսրութեան անկումէն անմիջապէս ետք, Մուսթաֆա Քէմալէն սկսեալ: Թուրքը կարծէք վրէժ կը լուծէր աշխարհէն, Օսմանեան կայսրութիւնը կործանելուն համար, ի մասնաւորի՝ դաշնակից պետութիւններէն, արեւմուտքէն և արեւելքէն, զանոնք զբաղ պահելով իր անվերջ անհանդուրժողական տարակարծութիւններով, և ինչպէս ըսինք՝ պահանջքներով:

Բայց ինչպէ՞ս պատահեցան այդ բոլորը և ո՞վ էր յանցաւորը այդ կացութեան ստեղծման մէջ, նկատի ունենալով Թուրքիան որպէս պատերազմ, իշխանութիւն և երկիր կորսնցուցած և պարտուած պետութիւն:

Համաշխարհային Ա. պատերազմին, Օսմանեան կայսրութիւնը կը տապալէր 600 տարիներու բռնատիրական իշխանութեան, Միջերկրականի աւազանի երկիրներու, Եւրոպայի արևելեան շրջանի և արաբական երկիրներու տիրապետութեան վերջ տալով և  դաշնակից ոյժերու յաղթանակով: Եթէ՝ այդ օրերուն, դաշնակից պետութիւններու իշխանութիւնները, զանց առնելով իրարու մէջ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները, կարենային համաձայնութեան հասարակ յայտարար մը գտնել իրարու մէջ և պահէին 1920-ականներու թրքական քարտէզը, այժմ աշխարհ պիտի ունենար Սեւ ծովուն հարաւը ծուարած, Անքարայի շրջանին մէջ, 50-60 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ Թուրքիա մը միայն:

Բայց և այնպէս, նկատի առնելով, մէկ կողմէն այդ պետութիւններու ներքին հակամարտութիւնները և մրցակցութիւնները իրարու հանդէպ, իսկ միւս կողմէն Աթաթիւրքի լարախաղաց և խորամանկ քաղաքականութիւնը դաշնակից պետութիւններուն և այն ժամանակ նոր քաղաքական ասպարէզ իջած Սովետական Միութեան իշխանութիւններու գլխուն, ոսկայ առիթ ստեղծեցին Աթաթիւրքին համար հասնելու այսօրուան երազին, ունենալով այսօրուան Թուրքիան և տակաւին երազելով աւելին:

Երբ անգլիական նաւատորմիղը արդէն կ՚իշխէր Կոստանդնուպոլսոյ և արևմտեան Թուրքիոյ տարածաշրջանին վրայ, Ֆրանսա կ՚իշխէր Կիլիկիոյ և հարևան շրջաններուն վրայ, իսկ ռուսը կ՚իշխէր արեւելեան  շրջաններուն վրայ, ինչպիսի՞ կարգադրութեամբ կրնային այս տարածաշրջանները նուիրուիլ Թուրքիոյ Աթաթիւրքին և ինչպիսի՞ պայմաններով:

Անգլիա և Ֆրանսա յոգնած և ուժասպառ, Ռուսիան իր ներքին հարցերով զբաղած, յարմարագոյնը կը նկատէին համաձայնագիր ստորագրել արդէն պարտուողական և նուաճուած հոգեբանութեամբ Աթաթիւրքին հետ, որ աւելի ընկճուած քան դաշնակից պետութիւններ, իր զիջողական և տեղատուական քաղաքականութեամբ կը խոստանար աւելիով սատարել թէ՛ դաշնակիցներուն և թէ՛ Սովետական Միութեան, փոխարէնը ստանալու համար այսօրուան Թուրքիան:

Աթաթիւրքի այդ զիջողական քաղաքականութիւնը կը խոստանար առանձնաշնորհումներ նուիրել դաշնակից պետութիւններուն, երկրին մէջ  իրենց ներդրումներու և շահագործումներու հոսքով, անոնք ըլլային ճարտարարուեստական կամ երկրագործական մարզերու մէջ: Եւ այդպէս ալ եղաւ և կը շարունակուի մինչև այսօր, իրեն յաջորդող իշխանութիւններուն շարունակութեամբ: Հապա ինչպէ՞ս կարելի էր բացատրել յաղթական պետութիւններու առած այս քայլը, որոնք կը տիրէին ներկայ Թուրքիոյ տարածքներուն մեծ մասին, հանդէպ պարտուողական պետութեան մը, յանձին Թուրքիոյ, որ կղզիացած էր երկրին հիւիսային մասին մէջ:

Անշուշտ պատերազմէն տուժող երկիրները ևս անբաժին պիտի չմնային այս կարգադրութիւններէն տարբեր պայմաններով:

Երբ Միացեալ Նահանգներ որոշեց մաս կազմել համաշխարհային երկրորդ պատերազմին դաշնակից պետութիւններու կողքին կռուելու, ան նախապայմաններ դրած էր պատերազմի աւարտէն և դաշնակից պետութիւններու հետ համաձայնագրերու պայմանագրերով, համաշխարհային առաջին պատերազմի փորձառութիւններէն օգտուելով: Միացեալ Նահանգներ այսօր կ՚օգտուի Թուրքիայէն իր ռազմաքաղաքական տարածքին առաւելութիւններուն շնորհիւ, իր առիւծի բաժինը ստանալով:

Բոլոր  մեծ տէրութիւնները հսկայական փոխադարձ շահարկումներ ունենալով Թուրքիոյ մէջ, անկախ բոլոր ռազմական խարիսխներու տեղակայումներէն, որոնք կ՚ընդգրկեն տնտեսական մարզի բոլոր աղբիւրները, Թուրքիան դասած են աշխարհի 20 հզօր տնտեսութիւն ունեցող երկիրներու կարգին:

Ներկայիս, Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Գերմանիոյ և եւրոպական այլ երկիրներու և Թուրքիոյ միջև գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները բոլորովին անկեղծ չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ՝ ցայսօր, ո՛չ մէկ քայլ առնուած է զանոնք կանխելու կամ հաշտեցման ջանքերու միտումով, միշտ նախադասելով շահը՝ բոլոր իր պարագաներով:

Այստեղ պիտի ջանանք հակիրճ ձեւով ներկայացնել օտար երկիրներուն Թուրքիոյ մէջ ներդրումներու օրինակներէն մաս մը, որոնցմէ գլխաւորներն են, Եւրոպական Միութեան գրեթէ բոլոր երկիրները, Պարսից ծոցի արաբական երկիրները և Միացեալ Նահանգները:

Ըստ համաշխարհային FDI-ի (Federal Direct Investment) օրէնքներուն, որևէ պետութիւն կրնայ այլ պետութեան մը մէջ, այդ երկրի իշխանութեան հետ միատեղ համաձայնութեամբ, լիազօրուած ներդրում մը կատարել որևէ գործարանի, հաստատութեան կամ այլ տնտեսական մարզի տարողութեամբ և իրաւասութիւնը ունենալ իր հակակշռին տակ պահելու զայն, այնպէս ինչպէս իր սեփական երկրին մէջ:

Ուրեմն, ըստ այդ օրէնքին, Թուրքիոյ մէջ այդ ներդրումներու գումարը կը հասնէր 22 միլիառ տոլարի, 2007-ին, որ տասը տարիներու ընթացքին անկում կրեց հասնելով 12,1 միլիառ տոլարի, 2017-ին: Այս անկումին պատճառները, ըստ վաւերական աղբիւրներու, կը վերագրուին Թուրքիոյ պետութեան վարած տաղտկալի դիւանակալութեան, մանաւանդ՝ վերջին 2 տասնամեակներուն, օրինական և կանոնագրական յաճախակի փոփոխութիւններուն, ապրանքներու ներածման և ջրածնաբնածխայինի հսկայ ենթակայութեան, տնտեսական և մանաւանդ տեղի ունեցած քաղաքական վերակազմութեան յետքայլերուն,  դրամանիշերու փոխանակման անորոշութեան, Սուրիոյ և Իրաքի մէջ կատարուած խառնակութիւններուն մասնակցութեան և այլ պարագաներու:

Եւ անշուշտ բոլորս քաջ իմացած ենք Թուրքիոյ խաղացած դերը իրաքեան պատերազմի ժամանակ, երբ ան թոյլ չտուաւ Միացեալ Նահանգներու ռազմական ոյժի գործածութիւնը իր երկրի Ինճիրլիք խարիսխէն: Միացեալ Նահանգներու համար աննպաստ կացութիւն մը, որ կ՚արդարացուի Թուրքիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան պատճառաբանութեանբ:

Այստեղ կարելի չէ թուել այս երկիրներու բազմաթիւ շահարկումներուն ցանկերը Թուրքիոյ մէջ, որոնք օրին մէկը կրնան երկիրը տնտեսական քայքայումի առաջնորդել, երբ օր մը, անոնք որոշեն խեցեվճռել (պոյքոթել) Թուրքիան, ինչպէս որ կ՚ընեն այսօր Իրանին կամ այլ երկիրներու:

Վերջերս Գերմանիոյ մէջ տեղի կ՚ունենան ժողովրդային ընդվզումի ցոյցեր ուղղուած  գերմանական իշխանութիւններուն, որոնք հակառակ իրենց բոլոր հրապարակային բամբասանքներուն,  ամբաստանութիւններուն և անհամաձայնութիւններուն, տակաւին կը ջանան գերմանական հրասայլերու գործարան մը զետեղել Թուրքիոյ մէջ: Իսկ այսօր, անդրադառնալով Թուրքիոյ խաղացած դերին, Եւրոպական Միութեան և Միացեալ Նահանգներու շահերուն հակառակ դիրքաւորումներով, շահարկումները այնտեղ տակաւին կը շարունակուին և Թուրքիան կը պաշտպանուի փոխան պատիժի:

Բայց ինչպէ՞ս չպաշտպանել Թուրքիան, երբ այնտեղ միլիառաւոր տոլարի արժողութեամբ շահարկութիւններ կան:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ