Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Ընկ. Տոթք. Ռաֆֆի Պալեանի ողջոյնի խօսքը «Նոր Օր»-ի 95-ամեակին առթիւ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան պաշտօնաթերթ՝ «Նոր Օր» այսօր կը տօնէ իր 95-րդ տարեդարձը։

 

Անշեղ գաղափարախօսութիւն.

Ազնիւ հայրենասիրութիւն.

Ազգանուէր գործունէութիւն։

 

Ահաւասիկ եռակի նկարագրութիւնը «Նոր Օր» շաբաթաթերթի էութեան, նպատակին եւ իմաստին։

Ֆրեզնոյի մէջ ծնունդ առած Արեւմտեան Ամերիկայի հայատառ մամուլի հնագոյն օրկաններէն՝ «Նոր Օր» միշտ ամրապինդ եւ հպարտօրէն մնաց եւ կը շարունակէ մնալ մեր կազմակերպութեան խօսնակը եւ անոր հայելին։

95-ամեայ «Նոր Օր» խիզախօրէն շարունակեց իր ժողովուրդին ծառայելու սեպուհ առաքելութիւնը, համայնքին հաղորդելով զանազան լուրեր, առաջնորդող խմբագրականներ, հայ ազգի եւ հայրենիքի մտահոգութիւններ եւ հայը յուզող բազմազան նիւթեր։

«Նոր Օր» գիտակից էր եւ կը մնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարեւորագոյն դերին, Հայրենիք-Սփիւռք կապի զօրացման եւ սերտացման մէջ։

«Նոր Օր» այսօր ունի իր առանձնայատուկ տեղը հայ ազգային կեանքի եւ հաղորդագրութեան մէջ եւ տակաւին որպէս հայատառ մամուլ, ըսելիք ունի հայ ժողովուրդին եւ իր նորահաս սերունդին, գուցէ իրեն աւելի հասկնալի անգլերէն լեզուով, օգտագործելով արդիական բոլոր միջոցները։

«Նոր Օր»ը կը մնայ շնորհակալ իր ընթերցողներուն, բարեկամներուն եւ հաւատարիմ իր շրջանակին եւ այսօր կու գանք հաստատելու, թէ «Նոր Օր» պիտի շարունակէ իր երթը դէպի ապագայ, այնքան ատեն որ կը գտնուին ազգասէր եւ նուիրեալ հայորդիք, որոնք սրբազան առաքելութիւն կը նկատեն պաշտպանել հայ ազգը, անոր գիրով, գրականութեամբ եւ մշակոյթով։

Այսօր մեր երազն ու մաղթանքն է տեսնել «Նոր Օր» իր 100-ամեակին, մշտապէս բարգաւաճ եւ յաղթական ի փառս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, աշխարհատարած հայ ժողովուրդին, անկախ եւ հզօր Հայաստանի ու Արցախի hանրապետութիւններուն։

 

ՏՈՔԹ. ՌԱՖՖԻ ՊԱԼԵԱՆ

Ատենապետ՝ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան

Անդամ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ