Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

95-ԱՄԵԱԿ «ՆՈՐ ՕՐ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ

Խօսիլ Հայ Մամուլի այս կամ այն ներկայացուցիչի տասնամեակներու ծառայութեան մասին՝ կը պահանջէ, անկասկած, գիտակից կեցուածք եւ գնահատանքի լուրջ կշռաթաթ:

            Հայ Մամուլը, Օրաթերթ, Շաբաթաթերթ, Ամսաթերթ կամ Պարբերաթերթ, միշտ ալ ողջունելի առաքելութիւն մըն է մեր ազգային կեանքէն ներս: «Նոր Օր»-ը, ՌԱԿուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի պաշտօնական Շաբաթաթերթը, Հայ իրականութեան մէջ դրական երեւոյթներէն մէկն է, որ իր ուսերուն կը կրէ 95 երկարաձիգ բեղուն տարիներ: «Նոր Օր»-ը եղաւ Հայ Կեանքի հայելին, տեսակէտ, կեցուածք եւ հակազդում նաեւ համազգային եւ միջազգային ընկերաքաղաքական եւ մշակութային այլազան իրադարձութիւններուն, տարածուող անբաղձալի տրամադրութիւններուն եւ երեւոյթներուն:

Անշուշտ, կարելի չէ բաւարար կերպով կշռել Հայերէն տպագրուած խօսքին դերը, ազդեցութիւնը եւ նշանակութեան կարեւորութիւնը, երբ նոր ժամանակները լրջօրէն սկսած են մտահոգել մեր ժողովուրդին ամէն մէկ լրջախոհ, զգաստ եւ անկեղծ ազգայինը կամ պատասխանատու ղեկավարը:

Շուրջերնիս կը նշմարենք լուռ եւ խեղդող նահանջ մը: Համեմատութեամբ նախկին տասնամեակներուն՝ Հայերէն Լեզուին գործածութիւնը դադրած է առողջ շնչելէ եւ հնչելէ: Իսկ նուազումը Հայ Գիրով եւ Գիրքով հետաքրքրուողներուն՝ մեզի կը յուշէ աշնան տպաւորութիւնը: Ժամանակները փոխուեցան՝ արմատական փոփոխութիւններ յառաջացնելով նաեւ մեր նոր սերունդին մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանուր Հայութեան մտայնութեան, մտածողութեան, արժեչափերու, ապրելակերպի եւ հետաքրքրութիւններու ծիրէն ներս: Նոր ժամանակներուն յատուկ ազգային անխուսափելի տեղատուութիւն մը՝ ուծացումի մեծ վտանգը ապրող Հայուն մօտ:

Պիտի ուզենք, որ մեր անհատական թէ համազգային կեանքէն ներս գայ բարեպատեհ ժամանակը՝ Հայու Հոգին եւ ազգային մշակութային ժառանգութիւնը զարթօնքի կենդանութեամբ ապրեցնելու:

Ասով հանդերձ, մեծ յոյսով ենք, որովհետեւ խորապէս համոզուած ենք թէ ամէն սերունդ իր կարելին պէտք է ընէ՝ ազգային եւ մշակութային արժէքները պահպանելու:

Այս տեսակէտով, մեծ ուրախութեամբ կը նշենք ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ափի  պաշտօնական Շաբաթաթերթին՝ «Նոր Օր»-ի հրատարակութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը 1922 թուականէն ի վեր՝ իր աշխատակից կամաւորներուն մասնակցութեամբ: «Նոր Օր»-ը յաջողած է իր առաքելութեան մէջ:

Գալիք ժամանակները, անկասկած, պիտի կարօտին աշխատանքային նոր լարումի, ազգային եւ քաղաքական նոր տեսիլքներու բովանդակութեան, նոր առաջադրանքներու, վերականգնումի եւ ծառայութեան նոր ոյժերու, արդարամիտ, անաչառ, վստահելի, հանդուրժող, միշտ մնալով ազգային եւ մշակութային առողջ դպրոց՝ խմորելու, կրթելու եւ խմբելու համայնքային հանրութիւնները եւ ոյժերը:

Մնալու համար առաքելութեան պատնէշին վրայ, ամէնքս ալ պարտաւոր ենք նոր ուղիներ, նոր ձեւեր եւ միջոցներ որոնելու: Տակաւին չենք խօսիր Հայ Քաղաքական Մտքի հիմնական եւ ընդհանուր թարմացումի մը մասին, որ կենսական է: Հո՛ս է որ կը սկսի արդար ակնկալութիւն մը նաեւ Հայ Կուսակցական հովանաւորութիւնը վայելող մամուլի առաքելութենէն:

Որքան ալ ծանր ըլլան մտահոգութիւնները եւ դժուարութիւնները՝ մեզի կը մնայ ժպիտով, լաւատեսութեամբ եւ արթուն գիտակցութեամբ դիմաւորել գալիք ժամանակները:

«Նոր Օր»-ի 95-ամեակին առիթով, մենք գիտակից յարգանքով կը խոնարհինք Շաբաթաթերթի անցեալի եւ նոր ժամանակներու բոլոր նուիրեալ խմբագիրներուն անսակարկ նուիրումին եւ աշխատանքին դիմաց: Յարգանք նաեւ թերթը հովանաւորող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավարութեան:

«Նոր Օր»-ի ընտանիքը, այսօր, արդար հպարտութեամբ կը տօնէ իր կեանքին եւ ծառայութեան բեղուն 95-ամեակը, որուն համար ալ սրտանց կը շնորհաւորենք եւ կը մաղթենք առաքելութեան յաջող Նոր Օրեր եւ Նոր Ոգի:

                                                                                                Օրհնութեամբ՝

 

                                                                                    Յովնան Արք. Տէրտէրեան 

                                                                                                  Առաջնորդ

                                                                        Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին

 

Մայիս 19, 2017

Պըրպէնք

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ