Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չորսօրեայ պատերազմին մէջ Միջազգային հասարակութեան հակազդեցութիւնը

ԴՈԿՏ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԶՈԼԵԱՆ

 

Ատրպէյճանական յարձակման կարեւոր նպատակներէն մէկն ալ փորձել էր միջազգային ընկերութեան ու կարեւոր դերակատարներուն հակազդեցութիւնը։ Ասոնցմէ մեծամասնութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց, բայց քաշուեցաւ թիկունք կանգնելէ որեւէ կողմի, կամ՝ այպանելէ որեւէ կողմը։ Միակ բացառութիւնը Թուրքիան էր, որ թիկունք կանգնեցաւ Ատրպէյճանի։ Միջազգային մարմիններ, ինչպէս՝ ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Խորհուրդը, Մինսքի Երրեակը, մնացեալ երկիրները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին դէպքերուն ընթացքին համար, այպանելով բռնութիւնները, առանց որեւէ մէկ կողմը յիշատակելու։ Այսուհանդերձ, վերոյիշեալներէն մեծամասնութիւնը կամեցող էին Ռուսական Դաշնութիւնը պատուիրակել, որպէսզի տագնապը մեղմացնէ, հակառակ այն հակասութեանց, որոնք գոյութիւն ունէին Արեւմուտքի ու Ռուսաստանի միջեւ, շրջանային կամ համաշխարհային հարցերու շուրջ։

Ուրեմն, ռուսական դիրքորոշումն էր, որ էական էր։ Մոսկուայի ընդհանուր կեցուածքը հաւասարակշռութիւն պահել էր։ Չորսօրեայ պատերազմի անմիջական վաղորդայնին, վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ այցելեց Երեւան ու Պաքու, կատարելով չափացանց ուշադիր յայտարարութիւններ։ Ռուսական քաղաքականութիւնը, հաւասարակշռութիւն պահելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ, լուրջ ձգտուածութիւն ստեղծեց Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ։ Ժողովրդային պոռթկում յառաջացաւ Երեւանի մէջ, Ռուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանի զէնքերու վաճառման շարունակման դէմ։ Լրացուցիչ կերպով, յուսախաբութիւն կար նաեւ Ռուսաստանի ու դաշնակից երկիրներու (Commonwealth of Independent States- CIS) կողմէ զօրավիգի բացակայութեան համար։ Երեւանի մէջ ցուցարարները հաւկիթներ նետած են ռուսական դեսպանատան վրայ։ Ընդհանուր հասկացողութիւնը այն էր, որ Ռուսաստան պիտի չմիջամտէ զինուորապէս։ Սակայն Երեւան կ՚ակնկալէր քաղաքական կամ հոգեբանական նոյնիսկ անուղղակի նեցուկ, ինչ որ զլացուեցաւ։ Ամէն պարագայի, ռուսական միջնորդութիւնն է, որ վերջ դրաւ բախումներուն, երբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սպայակոյտի պետերը – Եուրի Խաչատուրով ու Նեքմետին Սատիղով զինադուլ կնքեցին Մոսկուայի մէջ։

 

Պատեհութեան առի՞թ թէ սպառնալիք՝ յետագայ մագլցումի

Սկիզբները, Ապրիլեան կռիւը խաղաղութեան ընթացքը արագացուց։ Առաջին հանդիպումը կայացաւ Մայիս 16, 2016-ին, Մինսքի Խումբին հետ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն մասնակցութեամբ։ Այս վերջինները համաձայնեցան, որ Մինսքի Երրեակը ամբողջացնէ իր քննարկումները։ Յաջորդ հանդիպումը կայացաւ Յունիս 20, 2016-ին, Փիթըրզպուրկի մէջ, նախագահ Փութինի ներկայութեան։ Հակառակ կողմերու զոյգ նախագահները վերահաստատեցին Վիեննայի ժողովին որոշումները նպատակադրուած էին կայունացնելու ընդհանուր կացութիւնը բախումներու շրջանին մէջ, ու խաղաղութեան ընթացքը յառաջ տանելու՝ յատկապէս միջազգային դէտերու յաւելումով։

Այսուհանդերձ, ցարդ ոչ մէկ յառաջընթաց արձանագրուած է։ Նոյնիսկ սահմանափակ թելադրութիւններ միջադէպերու զննութեանց չիրականացաւ։ «Ռուսական քաղաքականութիւնը, հաւասարակշռութիւն պահելու կողմերու միջեւ, առաջնորդեց լուրջ ձգտուածութեան Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ»։

Կացութիւնը հակամարտութեան շրջանին մէջ կը մնայ պրկուած։ Ապրիլեան դէպքերը կարելի չէր չէզոքացնել մէկ կամ աւելի ժողովներով, նոյնիսկ՝ բարձր մակարդակի վրայ։ Քառօրեայ պատերազմը արմատական դարձուցած էր կողմերը։ Ատրպէյճան պիտի մերժէր նոյնիսկ իրաւախոհութիւն մը, որ միաժամանակ ընդունելի ըլլար Երեւանի եւ Ստեփանակերտի համար։ Ապրիլեան դէպքերուն հետեւանքով նուաճուած հողաշերտերը թէեւ աննշան էին, սակայն չորսօրեայ պատերազմը Ատրպէյճանի համար բերաւ ներքին կայունութիւն, որ խախտած էր քարիւղի գիներու անկումով եւ ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններու հետեւանքով։ Այս պայմաններու տակ, հաւանական չէ որ Պաքու լուրջ զիջումներ կատարէ, քանի նման քաղաքականութիւն մը կրնայ նսեմացնել «յաղթական»ի պատկերը, որ ստեղծուած էր Ապրիլեան յաղթարշաւի պատճառով։

Գալով հայկական կողմին, կը թուի թէ կարգ մը դիտորդներու մօտ պատրանք մը ստեղծած է, թէ Հայաստանի վարչակարգը կարելի է մղել զիջումներ կատարելու, որպէսզի առաջքը առնուի նոր բախումներու։ Նման պատկերացում մը հեռու է իրական ըլլալէ։ Յիրաւի, հակառակը ճիշդ է։ Ապրիլեան պատերազմի վաղորդայնին, կոչեր բարձրացած են Հայաստանի թէ Արցախի մէջ «չզիջելու դիզ մը հող թշնամիին»։ Այս կոչերուն կ՚ընկերանան քննադատութիւններ հանդէպ իշխանութեանց, որոնք անպատրաստ գտնուած են ատրպէյճանական յանկարծակի յարձակման դէմ, եւ թէ անհրաժեշտ քայլերը չեն առնուած փտածութիւնը վերացնելու համար բանակին մէջ, եւ թէ կարծր դիրքորոշում մը որդեգրած չըլլալու համար բանակցութեանց ընթացքին։ Կը հետեւի, թէ այս պայմաններու տակ, հայկական իշխանութիւնները եթէ զիջումներ կատարեն, տկարութեան նշան պիտի նկատուի, ինչ որ աննախատեսելի հետեւանքներ կրնայ ստեղծել ղեկավարութեան համար։ Իսկ Արցախի իշխանութիւնը տարիներէ իվեր յայտնած է, թէ վստահութիւն չունի բանակցութեանց ընթացքին հանդէպ, քանի ուղղակիօրէն առնչուած չէ, եւ թէ Ապրիլեան դէպքերը աւելի կը խորացնեն այդ անվստահութիւնը։

Չորսօրեայ պատերազմը արմատական դարձուցած է ժողովուրդները ու քաղաքական վերնախաւը հակամարտ կողմերու մօտ։

Նման հեռանկարի մը դիմաց, դժուար է երեւակայել, թէ բեկում մը յառաջանայ նման հակամարտութեան մը մէջ։ Անհաւանական է նաեւ, որ միջնորդները յաջողին նշանակելի համաձայնութիւն մը գոյացնել։ Անոնք պիտի գոհանան կրկնելով Մատրիտեան տարտամ սկզբունքները, որոնք այլազան բարեփոխումներու ենթարկուած են վերջին տասը տարիներու ընթացքին։ Համաձայնութեան յայտարարութեան եւ անոր իրական գործադրութեան միջեւ տարբերութիւնը մեծ է։ Նոյնիսկ եթէ միջոցառումներ առնուած են, դիտորդներու ներկայութիւնը ու քննարկումի միջոցները չեն ապահովեր զինադուլի պահպանումը։

Լայնատարած ճակատում մը ցարդ տեղի ունեցած չէ։ Բազմաթիւ միջադէպեր չեն ունեցած 2016 Ապրիլի մագլցումը։ Հաւանական չէ որ միջադէպերը դադրին, բայց անհաւանական է նաեւ որ լման պատերազմի առաջնորդեն։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ ստեղծուած է իւրայատուկ կացութիւն մը. «dynamic status quo» կոչած է քաղաքական մեկնաբան Սերկէյ Մարքէտոնով։ Այս գոյավիճակը դժուար թէ կայուն նկատելու է, քանի մէկ կողմը յարատեւօրէն կը փորձէ փոխել զայն, որքա՛ն ալ անորոշ սահմաններուն մէջ ըլլայ։

Մինչ բեկում մը յառաջացնելու յոյսերը ի դերեւ ելած են, լայնատարած մագլցումի վախերն ալ չեն իրականացած։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

(Ընդգծումները՝ մեր կողմէ)

(Շար. 2 եւ վերջ)

“Turkish Policy Quarterly”

Մարտ 14, 2017

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ