Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւան. Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Երեքշաբթի, Մայիս 30ին ընդունած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը բաղկացած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներէ։ Կարապետեան կարեւորած է ՌԱԿի գործունէութիւնը Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գծով։ Ան նշած է, որ կառավարութիւնը շահագրգռուած է ներդրումներով եւ առեւտրական միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ նախաձեռնուած բարեփոխումներուն մէջ համայն հայութեան ներուժի ներգրաւումով, շեշտելով, որ սփիւռքահայութեան ուղղուած իր կոչը այդ նպատակին ուղղուած էր։

Ընկեր Նահապետեան յանուն ՌԱԿ-ի պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրներն ու բարեփոխումները կեանքի բերելուն, ինչպէս նաեւ օժանդակելու համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու լուծումին։

Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան, հայապահպանութեան, հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման, Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման խնդիրներու շուրջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ