Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

25 տարի՝ 350 միլիոն տոլար նուիրատուութիւն. «Հայաստան» հիմնադրամը 2017ին պիտի կեդրոնանայ Արցախի հորերուն եւ արեւային ուժանիւթի վրայ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 26-րդ նիստին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայացուցած է դրամահաւաքի երկու ուղղութիւնները։ Առաջին՝ Արցախի խորքային հորերու ջուրերու ծրագիր, որպէսզի չոռոգուող տարածքները օգտագործուին։ Այս կարեւոր կէտ մըն է զարգացնելու համար գիւղատնտեսութիւնը։ Կարիքը կայ շուրջ 200 հորերու հորատման, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պահանջէ մօտ յիսուն հազար տոլար ծախս։ Երկրորդ ծրագիրը՝ արեւային ուժանիւթի օգտագործումն է, որուն փորձառութիւնը ունի հիմնադրամը Հայաստանի մէջ։

«Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի խօսքերով, անցնող 25 տարուան ընթացքին կատարուած է շուրջ 700 հազար նուիրատուութիւն՝ 350 միլիոն տոլարի չափով։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ