Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՆԱԹՕ.- ԱՄՆի նախագահ Թրամփ կը պահանջէ, որ ՆԱԹՕի անդամները աւելի մեծ գումարներ ներդնեն պաշտպանութեան համար։ Ան ըսած է, որ 28 երկիրներէն 23ը չի վճարեր իր մասը. ասիկա անարդար է Ամերիկայի ժողովուրդին եւ հարկատուներուն համար։

ԵԳԻՊՏՈՍ.- ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Եգիպտոսի վարչապետ Շերիֆ Իսմայիլին, Ալ Մինիա նահանգին մէջ ահաբեկիչներու կողմէ քրիստոնեայ ուխտագնացներու սպանութեան առթիւ։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ.- ԱՄՆի նախկին նախագահ Պարաք Օպամա անդրադարձած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ խտրականութեան  եւ ծայրայեղ ազգայնականութեան աճի խնդիրին Պերլինի մէջ Բողոքական բարեփոխումներու 500ամեակին նուիրուած միջոցառումին ընթացքին։

ԱՄՆ.- Միացեալ Նահանգները պէտք է կոշտօրէն արձագանգէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցներու գործողութիւններուն ԱՄՆի մայրաքաղաքին մէջ. Քոնկրէսին մէջ տեղի ունեցած լսումներու ընթացքին յայտարարած են ամերիկացի քոնկրէսականներ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հրաւէրով, ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութեան մասին դասախօսութեամբ հանդէս եկած է ամերիկացի ականաւոր դիւանագէտ, Ռայսի համալսարանի Ճէյմս Պէյքըրի անուան հանրային քաղաքականութեան հիմնարկի տնօրէն, դեսպան Էտուարտ Ճէրէճեանը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ