Չորեքշաբթի գիշերուան ժամը 10։25ին Լոռիի մարզկեդրոն Վանաձորի մէջ գրանցուած են երկրաշարժի ուժգին ցնցումներ։ Ահազանգ հնչած է նաեւ Դիլիջանի, Հրազդանի, Սպիտակի, Նոյեմբերեանի մէջ։ Կեդրոնը կը գտնուի Ատրպէյճան-Վրաստան սահմանային գօտիին մէջ, Աղսթաֆա քաղաքէն 18 մղոն դէպի հիւսիս-արեւելք։ Ուժգնութիւնը՝ 4,8 աստիճան։ Երեւանի մէջ ուժգնութիւնը եղած է երեք աստիճան, իսկ մինչեւ Եղէգնաձոր ու Ջերմուկ՝ 2-3 աստիճան։
Եւրոպական կեդրոնի տուեալներով 5,1 աստիճան երկրաշարժ արձանագրուած է Վրաստանի մէջ՝ Թբիլիսիէն 70 մղոն դէպի հարաւ- արեւելք։