Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Ահազանգ. Սեւ ամպեր Միջին Արեւելքի տարածքին

★ Թեհրան ցնցուած։ Չորեքշաբթի օր Իրանի խորհրդարանին եւ Խումէյնիի դամբարանին վրայ տեղի ունեցած են զինուած յարձակումներ, պատճառ դառնալով առնուազն 12 զոհերու եւ 42 վիրաւորներու։ Երրորդ յարձակում մը վնասազերծուած է։ Ահաբեկիչներու երկու խումբերը՝ 3-4ական անդամով, կրակ բացած են, կին մահապարտ մըն ալ ռումբ պայթեցուցած է։ Պատասխանատուութիւնները ստանձնած է «Իսլամական պետութիւնը»։

★ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ նոյնպէս կը սպասուին ցնցումներ, Քաթարի մեկուսացումէն ետք։ Միջին Արեւելքին կը սպառնան լուրջ զարգացումներ։

★ Միջին Արեւելքի նոր տագնապը կը ստիպէ, որ ԱՄՆ փորձէ կարգաւորել իր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ։ Միւս կողմէ, նախագահ Թրամփ Չորեքշաբթի օր յառաջ քաշեց Քրիսթոֆըր Ռէյի թեկնածութիւնը՝ գլխաւորելու FBIը։

★ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջերս կատարած Քաթար այցելութիւնը զուգադիպութի՞ւն…

★ Գերմանական զօրախումբը թրքական «Ինճիրլիք» ռազմախարիսխէն պիտի տեղափոխուի Յորդանանի «Էլ Ազրաք» կեդրոն։ Տեղափոխումը պիտի տեւէ շուրջ երկու ամիս։ Խօսքը 260 գերմանացի զինուորներու,  օդանաւներու եւ լիցքաւորող օդանաւի մասին է։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ