Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւտմեան Թեմ ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Մայիս 5ին, Առաջնորդարանի մէջ գումարուած Թեմական Պատգամաւորական 90րդ Տարեկան Ժողովի ընթացքին կատարուեցաւ Թեմական Խորհուրդի անդամներուն մասնակի ընտրութիւնը։

ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆՈՐ ԿԱԶՄԸ 

2017-2018

Պատգամաւորական Ժողովի աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, Թեմական Խորհուրդի նոր կազմը կարճ ժողով մը ունեցաւ, որու ընթացքին կատարուեցաւ պաշտօններու ընտրութիւնը ըստ հետեւեալի.-

Ատենապետ՝ Իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան (Պրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն):

Փոխ Ատենապետ՝ Դատաւոր Էտրիըն Գրիգորեան (Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայց. Եկեղեցին):

Գանձապահ՝ Եուրի Ակոբեան (Սիաթըլի Սուրբ Յարութիւն Հայց. Եկեղեցիէն):

Ատենադպրուհի՝ Սանտրա Գազանճեան Կոստանեան (Ֆրեզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայց. Եկեղեցիէն):

Հոգեւորականեր

Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան, Հոգեւոր Հովիւ Քրէսէնթա Հովիտի Սրբոց Առաքելոց Հայց. Եկեղեցւոյ։

Հոգշ. Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան, Հոգեւոր Հովիւ Սան Տիէկոյի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ։

Արժ. Տ. Մանուկ աւագ Քհնյ. Մարգարեան, Հոգեւոր Հովիւ Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ։

Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան, Հոգեւոր Հովիւ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի։

Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ. Էյլէնճեան, Հոգեւոր Հովիւ Սանթա Քլարիթայի Սուրբ Սարգիս Հայց. Եկեղեցւոյ։

Աշխարհականներ

Տիար Պարգեւ Համալեան, Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայց. Եկեղեցիէն:

Տիար Տէրիք Ղուկասեան, (Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայց. Եկեղեցիէն:

Դոկտ. Քրիս Միրզայեան, Քոսթա Մեսայի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Եկեղեցիէն։

Տիար Կրէկ Ջրգոյեան, Օքլընտի Սուրբ Վարդան Հայց. Եկեղեցիէն

Տիար Մհեր Շարեան, Փորթլընտի Սուրբ Գէորգ Հայց. Եկեղեցիէն։

Բրշ. Պերճ Սրկ. Մանուկեան, Արիզոնայի Սուրբ Աբգար Հայց. Եկեղեցիէն։

 

«ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» – CYMA

Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ եւ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի օրհնութեամբ, «Հայ Քրիստոնեայ Երիտասարդաց Առաքելութիւն Դէպի Հայաստան» ծրագրի մասնակից երիտասարդները՝ առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեանի, Յունիս 29էն մինչեւ Յուլիս 31, 2017 պիտի այցելեն Մայր Հայրենիք։

            Սոյն առաքելութիւնը բաղկացած է երեք հիմնամասերէ.

            ա- Ուխտագնացութիւն,

            բ- Մասնագիտական ծառայութիւն (internship),

            գ- Համայնքային ծառայողական ծրագիր։

            Գոհունակութեամբ կը հաղորդենք, որ սոյն առաքելութիւնը անցնող 13 տարիներէ ի վեր կ՚իրագործէ իր ծրագիրները՝ գլխաւորաբար Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեանի առաջնորդութեամբ։ Վերոյիշեալ շրջանին ունեցած ենք աւելի քան 130 մասնակից երիտասարդներ։ Իրագործուած են հետեւեալները.

            ա- 7 ծառայողական ծրագիրներ,

            բ- Երիտասարդաց կեդրոններու շինարարութիւն,

            գ- Ընտանիքներու բնակարաններու շինարարութիւն։

            Անդրադառնալով ուխտագնացութիւններու, կ՚ուզենք շեշտել, թէ առաքելութեան մասնակցող երիտասարդները ուխտագնացութիւններ կատարած են բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ վանքեր՝ ինչպէս Էջմիածին, Նորավանք, Խոր Վիրապ, Տաթեւ, Գանձասար, Ծիծեռնավան, Սանահին եւ այլն։

            Երիդասարներ Հայրենիք կատարած իրենց առաքելութեան ընթացքին յատուկ այցելութիւն պիտի տան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ աջահամբոյրի համար հանդիպում պիտի ունենան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի հետ եւ պիտի արժանանան իր օրհնութիւններուն եւ գնահատութեան։ Հանդիպում պիտի ունենան նաեւ համայնքներու հոգեւորականներու եւ երիտասարդաց միութիւններու հետ։ Պիտի այցելեն թանգարաններ եւ պատկերասրահներ, պիտի ունենան մասնագիտական ծառայութիւններ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, պիտի այցելեն հիւանդանոցներ «Մեր Յոյս»ի Կեդրոն, համակարգչային եւ «ինժեներ»ական կեդրոններ։

             Սոյն առաքելութեան նպատակն է երիտասարդ ուխտաւորները միամսեայ այս ուխտագնացութենէն վերադառնան հոգեւոր, մշակութային, պատմական եւ անձնական պակասը լրացուցած՝ պատրաստ ապագային իրենց ներդրումը բերելու Հայրենի Երկրին, Հայց. Եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին եւ իրենց կեանքի առաւել պայծառացման եւ հոգեկան գոհունակութեան՝ գեղեցիկ օրինակ հանդիսանալով ա՛յլ երիտասարդներու։

            Բարի ճանապարհ եւ ապահով վերադարձ կը մաղթենք մեր սիրելի երիտասարդներուն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ