Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահագրական. Նելլի Ազնիւ Նազարեան

Նելի Նազարեան ծնած է Մարտ 15, 1944ին՝ Հալէպի մէջ։ Յաճախած է Բարեգործականի Լազար Նաճարեան երկրորդական վարժարանը, որմէ ստացած է Պաքալորէան 1965ին։ Ըլլալով յառաջադէմ աշակերտ մը, ճանչցուած է տնօրէնութեան եւ դպրոցի աշակերտութեան կողմէ իր բերած ներդրումներուն շնորհիւ վարժարանի թերթին մէջ։

1966ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ միանալու իր եղբօր եւ շարունակելու իր ուսումը կենսաբանութեան ճիւղին մէջ։ Նոյն տարին Փասատինա Սիթի Քոլէճին մէջ կը շարունակէ իր ուսումը երկու տարի, ապա յաճախելով (CSCLA) Քալիֆորնիա նահանգի Լոս Անճելըսի համալսարանը։ 1970ին կը ստանայ BS վկայականը կենսաբանութեան ճիւղին մէջ։

1971-1977 կ՚աշխատի Քալիֆորնիա, հիւանդանոցի մէջ իբրեւ օգնական պաշտօնեայ եւ 1971-ին կը ստանայ կառավարական արտօնագիրը աշխատելու իբրեւ մասնագէտ աղտաբանական (pathology) ճիւղին մէջ։ 1972ին կը միանայ CLMG Inc. ընկերութեան, ուր կը շարունակէ աշխատիլ մինչեւ 1977։

Դժբախտաբար 1977ին կը սկսի մայկրէն գլխացաւերը, որուն պատճառաւ կը ստիպուի հրաժարիլ իր պաշտօնէն։ Զօրաւոր գլխացաւերը կը շարունակեն մաս կազմել իր առօրեայ կեանքին, ստիպելով միայն ժամանակաւոր կերկով աշխատիլ առողջապահական ասպարէզին մէջ՝ մինչեւ կեանքին վերջը։

Նելլիին նկարագիրին կարեւոր մասը կը կազմէր իր նուիրուածութիւնը քրիստոնէական հաւատքին եւ սկզբունքներուն։ Յաճախ կը խրատէր իր բարեկամները եւ հարազատները, որ Աստուծոյ օգնութեան դիմեն, երբ կը դիմակալեն դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ իրենց կեանքին մէջ։ Բոլոր անոնք որ մօտէն ճանչցած են զինք ունեցած են մեծ յարգանք եւ սէր իր ազնիւ նկարագրին համար։

Համալսարանական տարիներուն ան եղած էր անդամ Ալֆա, Կամա, Սիկմա ընկերակցութեան, որոնց անդամակցութեան կ՚ընդունուին միայն բարձրագոյն արդիւնքներու հասած համալսարանականներ։ Լոս Անճելըս հասատուելէ ետք իր մասնակցութիւնը բերած էր ԹՄՄի նորակազմ վարչութեան, ստանձնելով 1970-71 ատենադպրութեան պաշտօնը, իսկ վարչութեան ատենապետ եղած էր իր եղբայրը՝ Ընկ. Յակոբ Նազարեանը։

Նոյն շրջանին Նելլին նաեւ մաս կազմած էր «Անուշ» օփերայի անձնակազմին, որուն բեմադրութիւնը տեղի ունեցած էր Ուիլշըր Էպէլ հանդիսասրահին մէջ։

Հակառակ իր դրական արտայայտութիւններուն եւ ջերմ զգացումներուն բարեկամներուն եւ հարազատներուն հանդէպ, իր անձնական կեանքին մէջ ունեցած էր դժուարութիւններ, որոնց մասին քիչ կ՚արտայայտուէր ուրիշներուն, մանաւանդ զօրաւոր գլխացաւերը, որոնք երբեմն կը տեւէին երկար ժամանակ եւ բոլորովին կը փոխէին իր տրամադրութիւնները կեանքին հանդէպ։ Յաճախ հեռու կը մնար իր հարազատներուն հաւաքոյթներէ, ճաշկերոյթներէ եւ այցելութիւններէ, որպէսզի ձեւով մը արգելք հանդիսանար որ մայկրէնները չսկսին։

Մայիս 25ին Նելլիին մարմինը գտաւ իր հանգստութիւնը եւ իր հոգին՝ յաւիտենական խաղաղութիւնը, իր տեղը գրաւելով Աստուծոյ քով։

Ընկ. ՅԱԿՈԲ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ