«Միրաք»ականներու հանդիպումը՝ «Միրաք»ի հիմնադիր, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի հետ
«Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման 28 Մայիսի կիրակնօրեայ հաւաքին շատ իւրայատուկ եւ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր, որ պայմանաւորուած էր տարբեր երկիրներէ ի մի հաւաքուած շատ յարգելի եւ սիրելի հարազատ հիւրերու ներկայութեամբ: «Միրաք»ի անդամները շատ բան լսած էին արդէն Արժանթինէն ժամանած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի տնօրէն, Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի մասին եւ անհամբեր կը սպասէին տեսակցութեան առիթին: Անոնց ուրախութիւնը կրկնապատկուեցաւ, երբ Ընկ. Նահապետեանի կողքին, առիթ հանդիսացաւ ծանօթանալու նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, ազգային գործիչ Ընկ. Մայք Խարապեանին, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Հայկ Լէփէճեանին, Պէյրութէն ՌԱԿ 27-րդ պատգամաւորական ժողովի պատգամաւոր Ընկ. Վաչէ Յակոբեանին, արդէն հայրենադարձ ՌԱԿ գործիչ Ընկ.Աւետիս Տալտալեանին: ՌԱԿ ղեկավար ընկերներու շարքին էր նաեւ «Միրաք»ականներուն մօտէն ծանօթ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը:
Միջոցառումը սկիզբ առաւ «Միրաք»ի աւագ անդամներու հիւրերուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք մեծ պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ տասնամսեան բոլորած Միրաքի գործունէութիւնը՝ ցուցադրուած նկարներու ընդմէջէն, որոնց մասին ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, «Միրաք»ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը բացատրութիւններ տուաւ հիւրերուն:
«Միրաք»ի անդամները հիւրերուն համար ասմունքէ, երգէ եւ ներկայացումէ բաղկացած գեղարուեստական յայտագիր մը պատրաստած էին, ինչը մեծապէս յուզեց եւ ուրախացուց ներկաները:
Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան Շնորհակալագիրներ յանձնեց «Միրաք»ի ծնողաց յանձնախումբի կարգ մը անդամներուն, որոնք «Միրաք» շարժումի ստեղծման առաջին օրէն սատարած եւ իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած էին անոր գործունէութիւններուն: Ան նաեւ գովասանագիրներ յանձնեց «Միրաք»ի այն անդամներուն, որոնք հաւաքներուն պարտաճանաչ եւ աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էին եւ գիտակից ու պատասխանատու դեր ստանձնած: Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրութեան մրցանքի արդիւնքները յայտարարելու պատեհ առիթը ներկայացած համարելով, Ընկ. Սերխիօ նոյնպէս՝ մասնակիցներուն պատուոգրեր եւ առաջին երեք տեղերը գրաւողներուն բաժակ յանձնեց:
Ներկայ հիւրերէն իւրաքանչիւրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց «Միրաք»ականներուն: Ընկ. Մայք Խարապեան շնորհաւորեց «Միրաք»ի անդմաները, շարժումի կազմակերպիչները, ինչպէս նաեւ ծնողները, որոնք կը գիտակցին այս հաւաքի կարեւորութեան: Ան նշեց, որ իր եւ ղեկավար բոլոր ընկերներուն երազը ՌԱԿ-ի գաղափարի շարունակականութիւնը ապահովելն է եւ այդ երազը իրականացնելու յոյսը այսօր հոս կը տեսնէ:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը: Ան «Միրաք»ականներուն դիմելով, իր յուզմունքը յայտնեց եւ ըսաւ. «Այսօր երջանկութեան եւ ուրախութեան օր մըն է, որովհետեւ ձեր մէջ կը տեսնենք մեր ապագան: Դուք ապագան էք»: Ընկ. Սերխիօն նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները վստահեցան «Միրաք»ի պատասխանատուներուն եւ անոնց դաստիարակութեան: Ան անդրադառնալով «Միրաք»ի անդամներուն կատարած Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» ասմունքին, խօսքը ուղղելով պատանիներուն, ըսաւ. «Պէտք չէ մոռնալ մեր սկզբունքները. ընտանիքը, եկեղեցին եւ հայրենիքը մեր էութիւնն են, որ միշտ պէտք է պաշտպանենք, եթէ չունենանք այս երեքը, կը կորսուինք: Մենք մեր հայութիւնը պիտի պաշտպանենք եւ դարերու ընթացքին պիտի զօրանանք, միանանք եւ առաջ երթանք»,- աւելցնելով՝ «Դուք մեր ապագան էք եւ Ձեր վրայ վստահութիւն ունինք մենք»:
Աւարտին, ՌԱԿ-ի գաղափարին շուրջ հաւաքուած մէկ մեծ ընտանիքի անդամները, իր բոլոր սերունդներու ներկայացուցիչներով խմբային նկար մը առաւ եւ «տօնական» օրուան համար յատուկ պատրաստուած կարկանդակի հատումը կատարուեցաւ: