Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիա ճմլուած Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ` Սուրիոյ հարցով

ՍԵՄԻՀ ԷՏԻԶ

 

Դէպքերը Սուրիոյ մէջ կը շարունակուին աննպաստ զարգացումներ արձանագրելով Թուրքիոյ համար։ Նախագահ Թրամփի ջատագովումը՝ ապահով շրջաններ ստեղծելու այդ երկրին մէջ,– գաղափար մը զոր Թուրքիա առաջարկած էր նախապէս,– փետրաթափ ըրած է թուրքերը։ Հիմա Անքարա կը վախնայ, որ նման շրջաններու ստեղծումը պիտի առաջնորդեն տեղի քիւրտերուն ինքնավարութեան։ Թուրք պաշտօնատարներ նկատելիօրէն մունջ են այս մասին, սպասելով որ ամբողջական առաջարկ մը կատարուի այս կապակցութեամբ։

Թրամփ մտքի փոխանակումներ ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ էլ-Սիսիի, Վլատիմիր Փութինի, Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման Պըն Ապտիւլ-Ազիզի, վարչապետ Պենճամին Նաթանիահուի, Եւրոպայի ղեկավարներու եւ Յորդանանի թագաւոր Ապտուլլա Բ.ի հետ։ Վեթերան քաղաքական մեկնաբան Մուրատ Եէթքին կը նշէ զարտուղութիւնը մանաւանդ վերջին հանդիպումին, երբ Էրտողան տարիներէ իվեր կը հետապնդէր ապահով շրջաններու ստեղծումը։ «Իրապէս շփոթեցնող է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է իրականացնել նման ծրագիր մը, առանց խորհրդակցելու թուրք ղեկավարութեան հետ»։

Թրամփի ծրագիրը, Սուրիոյ համար, Թուրքիոյ միակ մտահոգութիւնը չէ։ Ռուսաստանի քաղաքական ծրագիրն ալ, Սուրիոյ ապագային նկատմամբ, նոյնքան մտահոգիչ է, հակառակ Անքարայի ու Մոսկուայի միջեւ փոխադարձ կապերու բարելաւման։ Արդէն, խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար, Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ համար պատրաստուած է սահմանադրական նախագիծ մը,– Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի կողմէ ալ հովանաւորուած,– ուսումնասիրութիւնը ենթարկուած է կողմերուն։

Այնուհետեւ, ռուսական այս վերջին նախաձեռնութիւնը, կը նշանակէր Թուրքիոյ հարաւային սահմաններու երկայնքին ինքնավար քրտական շրջան մը, որ կապուած պիտի ըլլար Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան (PKK)։ Լրացուցիչ կերպով, այս տարուան Յունուարի վերջը, Տեմոքրաթ Միութեան կուսակցութենէն (PYD) պատուիրակութիւն մը, հանդիպում մը ունեցած է Մոսկուայի մէջ։ Անքարա պաշտօնապէս բողոքեց. արդարեւ, PYDն եւ անոր զինուորական թեւը՝ YPGն, գործակցելով Օճալանի կուսակցութեան հետ, նկատուած են ահաբեկիչ կազմակերպութիւններ։ Ոչ մէկ երկիր սակայն որդեգրած է այս պատկերացումը (բացի Թուրքիայէն)։

Ուաշինկթըն թիկունք կը կանգնի YPGին՝ ԻՍԻՍի դէմ անոր պայքարին մէջ։ Թրամփի նոր կառավարութիւնն ալ այդ քաղաքականութիւնը փոխելու տրամադրութիւն ցոյց չի տար։ Յաւելուածաբար կը թելադրէ նաեւ, որ քիւրտերը մասնակցին այն բանակցութեանց, որոնք կը միտին սուրիական տագնապին վերջ մը դնել։ Անքարա լուրջ պատճառներ ունի մտահոգուելու Մոսկուա-Ուաշինկթըն միացեալ ճիգերէն՝ տագնապը լուծելու համար։

Ռուսաստան զօրավիգ կը կանգնի աշխարհական (secular) սահմանադրութեան մը Սուրիոյ համար, ինչ որ յաւելեալ մտահոգութիւն մըն է իսլամիսթ իշխանութեան յարող Թուրքիոյ համար։ Այս վերջինը կ՚ակնկալէր, որ Պ. Ասատի կառավարութիւնը շուտով պիտի տապալի, ու փոխարինուէր թուային մեծամասնութիւն ունեցող սիւննիներու իշխանութեամբ։ Նման նպաստաւոր զարգացում մը տեղի չունենալով, Թուրքիա որդեգրեց ռուսական կեցուածք մը, իրեն ի նպաստ դարձնելու համար դէպքերու ընթացքը. մինչդեռ տարբեր ուղղութիւն ստացաւ։

Ամերիկա եւս հաւանական է որ որդեգրէ աշխարհական սահմանադրութիւն մը Սուրիոյ համար, որոշ ինքնավարութիւն տալով քիւրտերուն։ Հարցը ա՛յն է, թէ տկար է Թուրքիոյ դիրքը, որպէսզի անիկա կարենայ հակակշիռ ունենալ քիւրտերուն, կամ Սուրիոյ քաղաքական ապագային վրայ։

Համաձայն Եւրոպական Ուսումնասիրութեանց Անքարայի Կեդրոնի մասնագէտ Քերիմ Հասի, իր յարաբերութեանց մէջ Ռուսաստանի հետ, Թուրքիոյ վարկը զօրաւոր չէ։ Անիկա ստիպուած է Սուրիոյ հանդէպ Մոսկուայի կեցուածքին հետ ընթանալ։ «Կարելի չէ որ Ռուսաստան հաճոյ գտնուի Թուրքիոյ հանդէպ։ Անքարա չի կրնար իր ձայնը բարձրացնել Ռուսական Դաշնութեան կամ Մ. Նահանգներու դէմ»։

Սուրիոյ ընդդիմադրութեան անդամներն ալ իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Թուրքիոյ կեցուածքին նկատմամբ Ասթանայի մէջ։ Հետեւանքը ա՛յն պիտի ըլլայ, որ Թրամփի ապահովութեան գօտիները (safe zones), ու Ռուսիոյ առաջարկած սահմանադրութեան ուրուագիծը, քիւրտերուն պիտի տրամադրեն ինքնավար շրջան մը։ Թուրքիոյ բարկութեան թիրախը աւելի Մ. Նահանգնե՛րն են քան թէ՝ Ռուսական Դաշնութիւնը։

«Ենի Շաֆաք» թերթի խմբագիր Իպրահիմ Քարակիւլի համաձայն, նախագահ Թրամփի կողմէ հաստատուած «սարսափի նրբանցք»ը,– Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն վրայ,– կը նշանակէ Ուաշինկթընի նեցուկը PYDին (Democratic Union Party) եւ YPGին (Kurdish People Protection Units)։

Անքարայի համար յստակ է. որեւէ ապահով գօտի, ուր PYDն տեղափոխուած է, պիտի գտնուի ամերիկեան պաշտպանութեան տակ։ Այլ խօսքով, Թուրքիա պիտի չկարենայ որեւէ արշաւանքի դիմել YPGի դէմ։ Հոս կ՚արժէ մատնանշել Էտրողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ բանակը պիտի չերթայ սուրիական Էլ-Պապ քաղաքէն (Սուրիոյ հիւսիսային սահմանին մօտ) անդին, ազատագրուելէ ետք Իսլամական Պետութեան (ԻՍԻՍ) տիրապետութենէն։ Կանխելու համար բախում մը թրքական զօրքերուն եւ YPGին միջեւ, Ուաշինկթըն պնդած է, որ Թուրքիոյ զինուորականութիւնը չփորձէ անցնիլ Սուրիոյ հետ իր սահմանէն 12 մղոնէ անդին։

Թուրքիա եւ Ազատ Սուրիոյ բանակը, երբեմն ալ Ամերիկայի ու ռուսական օդանաւերու օժանդակութեամբ, ատենէ մը իվեր կը փորձեն ազատագրել Էլ-Պապը, լուրջ կորուստներ տալով։ Հակառակ թրքական բանակի յառաջխաղացքին, քաղաքը տակաւին գրաւուած չէ։

Նախապէս, Էրտողան, արհամարհական մարտահրաւէրով մը յայտարարած էր, թէ Էլ-Պապը գրաւելէ ետք, պիտի արշաւէր Մենճիպ քաղաքին վրայ, արտաքսելով հոն գտնուող YPGն։ Ասիկա, անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Թուրքիոյ տեղի տալը անկարողութեան պատճառով։

Երկու գերհզօր տէրութեանց միաժամանակ դէմ դնելը դժուար է։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Էլ-Մոնիթըր», Փետրուար 2, 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ