Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Արձագանգ. Ո՞ւր Է Չօպանեանը, ո՞ւր է Եկարեանը, ո՞ւր է Թէքէեանը, ո՞ւր է Մամուլեանը…

ՓՐՈՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Փողոցներու անունները կարեւորութիւն ունին մանաւանդ, երբ անոնք

ժողովուրդի մը պատմութիւնը կ՚անմահացնեն: Հանրածանօթ անձեր եւ դէպքեր կը յիշատակուին եւ անոնք պատմութիւն կը յուշեն:

Սերկէյ Աւագեան քանի մը տարի առաջ հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց շատ հետաքրքրական եւ կարեւոր գիրք մը «Երեւանի փողոցները» անունով՝ 265 եջերու վրայ տարածուած, լոյս տեսած Երեւանի մէջ 2010 թուականին:

 Արձանագրուած են փողոցներու անունները՝ այբենական կարգով՝ տալով որոշ տեղեկութիւններ իւրաքանչիւրին մասին – վայրը, համայնքը, անուանակոչումը, շրջապատը, եւայլն: Յիշատակումներ կան նաեւ հրապարակներու, շէնքերու, փողոցներու վրայ գտնուող յուշարձաններու, քանդակներու եւ արձաններու:

Գիրքը ունի կարեւոր նախաբան մը աշխարհի հնագոյն բնակավայրերէն Երեւան քաղաքի պատմութեան մասին՝ տալով նաեւ ժամանակի ընթացքին անոր կրած վերիվայրումները: Կան նաեւ 1879էն սկսեալ Երեւանի քաղաքային խորհուրդներու նախագահներուն եւ քաղաքապետներուն անունները, լուսանկարները՝ իրենց ծառայած ժամանակաշրջանով:

Իր բովանդակութեամբ իր տեսակին մէջ առաջինն է Աւագեանի այս հատորը՝ արդիւնք նուիրումի ու տքնաջան աշխատանքի եւ անշուշտ շնորհաւորելի ներդրում մը կը բերէ հայոց պատմութեան անդաստանին: Ըստ հեղինակին, փոքր պակասներ կամ վիրպումներ կրնան ըլլալ, եւ ինք պատրաստ է ճշդումներ կատարելու։

1924ին Ալեքսանդր Թամանեանին պաշտօն տրուեցաւ Երեւանի փողոցներն ու շէնքերը հիմնադրելու, որովհետեւ մայրաքաղաքին բնակչութեան թիւը սկսած էր աճիլ: Նոր փողոցներ սկսան կառուցուիլ եւ գրեթէ մեծամասնութեամբ կոչուեցան համայնավար ղեկավարներու անունով (Թամանեանը մեղաւոր չէ), իսկ անկախութենէն ետք որոշ փողոցներու անունները կրկին սկսան փոխուիլ:

Աւագեան իւրաքանչիւր փողոցի մասին տուած է տեղեկութիւններ: Օրինակ. «Վազգէն Սարգսեան փողոցը գտնւում է կենտրոն համայնքի տարածքում: Սկսւում է Շահումեանի անուան հրապարակի երկու կողմերից, հասնելով Հանրապետութեան հրապարակ: Փողոցն անուանակոչուել է Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին: Ծնուել է 1959 Մարտի 5ին Արարատ մարզի Արարատ գիւղում: Աւարտել է Երեւանի Ֆիզկուլտուրայի Ինստիտուտը: 1990-1991ին նշանակուել է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար» եւ այլ տեղեկութիւններ:

«Ա»ով անունները կը կազմեն 37 էջ, «Բ»՝ 13 էջ, «Ն»՝ 25 եւայլն:

Այս գիրքը կարդացի շատ ուշադրութեամբ, մանրամասնօրէն եւ մեծ հետաքրքրութեամբ: Որոշ հարցեր յառաջացան միտքիս մէջ: Անհանգստութիւն մը զգացի Հայաստանի ղեկավարութեան եւ պատասխանատու պաշտօնեաներու նկատմամբ, որովհետեւ կային անուններու բաւական բացթողումներ, որոնք գիտակցաբար, անգիտակցաբար կամ անտարբերութեամբ եւ կամ ալ հաշուենկատութեամբ կատարուած էին: Դժուար է ճշդել: Բնականաբար հեղինակը կապ չունի այս հարցին մէջ, սակայն ցաւալի է որ այս երեւոյթները կան: Ինչի՞ վերագրել: Կը յուսամ, որ սխալ չեմ հասկցուիր: 

Շնորհակալութիւն, որ փողոցներ կան Քրիստափորի, Վրացեանի, Քաջազնունիի, Սօսէի անուններով: Բայց ո՞ւր են այն փողոցները, որոնք պիտի կոչուէին Արմենակ Եկարեանի, Մկրտիչ Աւետիսեանի, Սապահ-Կիւլեանի, Միհրան Տամատեանի, Նահապետ Ռուսինեանի, Մկրտիչ Փորթուգալեանի անուններով, որոնց մասին Հայաստանի Հանրագիտարանը սիւնակներ տրամադրած է:

Շնորհակալ ենք, որ կան փողոցներ որոնք կը կրեն անունները Մեծարենցին, Դանիէլ Վարուժանին, Զապէլ Եսայանին, Պետրոս Դուրեանին, Պարոյր Սեւակին, Գէորգ Էմինին, Վահագն Դաւթեանին եւ ուրիշներու: Բայց ո՞ւր են Արփիար Արփիարեանի, Արշակ Չօպանեանի, Վահան Թէքէեանի, Լեւոն Շանթի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Մամուլեանի անուններով փողոցները:

Քաղաքապետարանն ու պատասխանատուները աւելի լուրջի պիտի առնեն պատմական, քաղաքական, մշակութային եւ նման հարցեր ու մանաւանդ չափանիշները պիտի պահեն իրենց բարձրութեան վրայ: Կարելի չէ պատմութիւնը խեղաթիւրել եւ մանաւանդ, որ պետութեան հետ գործ ունինք:

Կը թելադրենք, որ գիտակից մօտեցում ցուցաբերեն պատասխանատուները եւ փողոցներու նոր անուանակոչումներու ձեռնարկեն երբ որ հնարաւոր է:

 

Յ. Գ. Երբ բարեկամի մը կարդացի այս յօդուածը, ան զարմացած ըսաւ. «Ծօ՛ տղայ, ուրիշ տերտ չունի՞ս: Հայաստան աւելի կարեւոր հարցեր ունի. արտագաղթ, անարդարութիւն, անգործութիւն, շարունակե՞մ…։ Քիչ մը մտածեց, ու ըսաւ. «Իրաւունք ունիս: Գրածներդ արտագաղթի հետ կապ չունին»։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ