Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ տեսակցեցան ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, ՀՅԴ-ի քաղաքական ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի հետ

ՀՅԴ քաղաքական ղեկավար, ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Արմէն Ռուստամեան անցնող շաբաթավերջին կը գտնուէր Լոս Անճելըս: ՌԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ ան հանդիպում ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ ընկերներ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի, Գէորգ Գրիգորեանի եւ Շրջանային Վարչութեան անդամ Ընկ. Կարօ Քիւփէլեանի հետ, հիւրընկալութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, Շաբաթ Յունիս 3ին, Կլենտէյլի Պելմոնթի գրասենեակին մէջ։

Հանդիպումին ընթացքին խօսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նոր գործունէութեանց ծրագիրներու մասին, որոնք պիտի ծառայեն սերտացնելու կապերը հայրենիքի եւ սփիւռքահայութեան միջեւ: Նաեւ անդրադարձ եղած է կազմակերպչական նոր հիմքեր ստեղծելու սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ։

Այս հանգրուանին կարեւոր նկատուեցաւ հայաշատ սփիւռքի գաղութներուն մէջ հայութեան համատեղումը, ուժերու համախմբումը եւ գործակցութիւնը՝ հայանպաստ տարբեր ծրագիրներու առանցքով։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ