Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

“Foreign Policy”. Քաթարի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը կրնայ նոր մեծ պատերազմի սկիզբ դառնալ

Քաթարի դիւանագիտական մեկուսացումը կրնայ նոր մեծ պատերազմի սկիզբ դառնալ: “Foreign Policy”ի մէջ գրած է Սայմըն Հենտըրսոնը՝ Պարսից ծոցի երկիրներու նկատմամբ քաղաքականութեան ծրագրի եւ Մերձաւոր Արեւելեան քաղաքականութեան Ուաշինկթընեան ինստիտուտի՝ ուժանիւթի հարցերով տնօրէնը: «Սիւննի երկիրները շատոնց կը ձգտէին պատերազմ սկսիլ Իրանի դէմ: Քաթարի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը, հնարաւոր է, պարզապէս առիթ է, որմէ անոնք որոշած են օգտուիլ»,- նշած է ան:

Հեղինակի տեսանկիւնէն՝ մենք այժմ, հնարաւոր է, որ կը գտնուինք պատմական պահի մը շեմին, որ համեմատելի է 1914 թուականին Սարաեւոյի մէջ աւստրիացի էրցհերցոկ Ֆրանց Ֆերտինանտի սպանութեան հետ: Եւ այդ իրադարձութիւնն է որ առիթ դարձեր էր Առաջին համաշխարհային պատերազմ սկսելու համար:

Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն յայտարարած նպատակը Իրանը չէ, այլ Քաթարը, որ արդէն շատոնց մէկ կողմ կանգնած էր Պարսից ծոցի արաբական երկիրներու՝ Թեհրանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող ընդհանուր համաձայնութենէն:

Յունիս 5-ին արաբական շարք մը երկիրներ խզեցին դիւանագիտական յարաբերութիւնները Տոհայի հետ՝ Քաթարը մեղադրելով ահաբեկիչներուն աջակցելուն մէջ: Բացի այդ, «Էր Ռիատ»ը յայտարարեց “Qatar Airways” քաթարեան օդային թռիչքներու արգելումը, այդ երկրին հետ ցամաքային սահմանի եւ նաւերու համար նաւահանգիստներու փակումը:

Կը հաղորդուի, թէ Թեհրան արդէն օգնութիւն առաջարկած է Քաթարին եւ պատրաստ է անոր տրամադրել իր երեք նաւահանգիստները: Այս քայլը Ռիատի եւ Ապու Տապիի մէջ, հաւանաբար կ՚ընկալուի որպէս Տոհայի եւ Թեհրանի «ուխտադրուժ» կապերու հաստատում:

Հենտըրսոնի կարծիքով՝ այս պայթիւնավտանգ իրադրութեան հանգուցալուծման հարցին մէջ կարեւոր դեր կրնայ խաղալ Ուաշինկթընը: «Ուաշինկթընը պէտք է գործէ արագ եւ կանգնեցնէ պատերազմի տանող այս երթը, այլ ոչ թէ սպասէ՝ մինչեւ որ սկսի սպանդը»,- կը գրէ Հենտըրսոն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ