Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Տպաւորութիւններ. ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 5-րդ դասարանի հունձքը

Յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի. ո՞վ աւելի ոգեւորուած և ուրախ է  շրջանաւարտներու հանդիսութեան պահուն, ծնողնե՞րը թէ՝ շրջանաւարտները: Այս պարագային՝ ծնողները, իրենց շողշողուն, երանգաւոր և ժամանակակից զգեստներով, առանց տարիքի կամ վայելչութեան խտրութեան: Կարևորը սակայն՝ իրենց ուրախութիւնն ու վայելքն է, որ կը գերազանցէ նոյնինքն՝ իրենց փոքրիկներուն շրջանաւարտութեան ուրախ և գոհունակ պահը, որոնցմէ շատերը ապշահար կը դիտէին իրենց ծնողներուն խանդավառութիւնը, որոնք իրենց ձեռքի հեռախօսներով և լուսանկարչական մեքենաներով խճողած էին գլխավերեւի օդի միջոցը մինչև առաստաղ, յաճախ մոռնալով նոյնիսկ ծափահարելու իրենց զաւակներուն ելոյթը բեմին վրայ:

Կիրակի, 4 Յուիս 2017ի յետմիջօրէին, ժամը 5ին, տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Մարի Մանուկեան նախակրթարանի 5-րդ դասարանի հունձքը՝ 43 շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդէսը: Նազարեան սրահը հազիւ թէ կը բաւէր ընկալելու այնքան բազմութիւն, որոնք՝ ծնողներ, մեծ հայրեր ու մայրեր կամ հարազատներ, եկած էին ներկայ գտնուելու իրենց զաւկին, թոռան կամ հարազատին վկայականի տիրանալուն:

Արնագոյն զգեստներով, վկայման գլխարկներով զարդարուած երեխաները հանդիսաւոր արարողութեամբ մուտք գործեցին սրահ՝ ծնողներուն անհամբեր հայեացքներուն ներքև, որոնք չէին կրնար նստած մնալ ի տես այդ շքերթին: Անոնք բեմ բարձրացան զինուորներու կարգապահութեամբ, իրենց ուսուցչուհիներուն ցուցմունքներուն հետեւելով: (Պահ մը կը զարմանանք այդ ուսուցչուհիներուն կարողութեան վրայ, երբ ծնողք մը կը մնայ անկարող, նոյն հարցերու լուծման մէջ):

Բացման և բարի գալստեան խօսքերով Տիկ. Մարալ Ոսկեան ողջունեց ներկաները, որմէ ետք շրջանաւարտները կատարեցին Ամերիկայի, Հայաստանի և ՀԲԸՄի քայլերգները Օրդ. Արուս Անդրէասեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ: Նախակրթարանի փոխ-տնօրէնուհի Տիկ. Փառիկ Յարթունեան յուզումնալից պահերով ներկայացուց վարժարանին ուղերձը շրջանաւարտներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ արտասանութեան և երգի ներկայացումներ հայերէն և անգլերէն լեզուներով: Բացառիկ էր այդ երեխաներուն հրամցուցած խմբային հայերէն արտասանութիւններուն հայերէնի առոգանութիւնն ու ազգային երգերուն փունջը, սրտի խոր գոհունակութիւն պատճառելով ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները հայկական վարժարաններ կ՚ուղարկեն հաւատալով, որ անոնք հայերէն պիտի սորվին, խօսին ու գրեն. և փաստը արդէն վկայ էր իրենց դիմաց:

Վկայականաց բաշխման արարողութենէն ետք խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեանը, խանդավառելով շրջանաւարտները իր արուեստագիտական յորդորով, և ուղղելով մատղաշ շրջանաւարտները դէպի ապագայի նորանոր քայլերու, յառաջիկայի տարիներու իրենց ուսման ծրագիրներով:

Հանդիսութեան աւարտին ծնողները միացան շրջանաւարտներուն նուիրուած խնճոյքին, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի շրջափակին մէջ մինչև ուշ գիշեր, ուրախ և զուարթ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք վարժարանին, անոր տնօրէնութեան և ուսուցչական կազմին, որոնց վստահած ենք մեր զաւակները, անոնց արդիական ու ժամանակակից ուսման և կրթութեան կերտումի աշխատանքներով, մոռնալով մեր անցեալի Տէր Թոդիկեան փորձառութիւնները:

Կը շնորհաւորենք նաև բոլոր շրջանաւարտները իրենց իրագործումներուն համար, մաղթելով նորանոր նուաճումներ իրենց ուսումնական կեանքին մէջ, պայմանաւ՝ չմոռնալու մեր մայրենի լեզուն:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ