Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամմանի մէջ հրապարակուած է Գէորգ Մսըրլեանի «Ըրպէտի եւ Հիւսիսային Յորդանանի հայերը» արժէքաւոր հատորը

Օրերս Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ լոյս տեսաւ հետազօտող եւ հասարակական գործիչ Գէորգ Մսըրլեանի նոր հատորը՝ «Ըրպէտի եւ Հիւսիսային Յորդանանի հայերը» վերնագրով: Գիրքը հրատարակուած է արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով, եւ լոյս սփռած է Ըրպէտ քաղաքի եւ հիւսիսային Յորդանանի մէջ հայ համայնքի ծագման, աճման, զարգացման եւ նուազման նիւթերուն վրայ:

Գիրքը ներկայացուցած է հիւսիսային Յորդանանի հայերու ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքի տարբեր շերտերը՝ 1915 թուականէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Այն նաեւ ամփոփած է հայերու յարատեւ եւ ամենօրեայ պայքարը՝ լեզուի, մշակոյթի, կրօնի եւ պատմութեան պահպանման համար, ինչպէս նաեւ ընդգծած է հայերու դերը քաղաքի` մշակութային, առեւտրական, արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական ոլորտներու զարգացման գործին մէջ, հաշուի առնելով, որ քսաներորդ դարի սկիզբէն սկսեալ, հայերը կը հանդիսանան քաղաքի հասարակութեան հիմնական բաղադրիչներէն մէկը:

Գիրքը լուսաբանած է Ըրպէտի հայերու յարաբերութիւնները Յորդանանի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ գտնուող հայ համայնքներու հետ, շեշտը դնելով Ամման մայրաքաղաքին մէջ գտնուող հայկական հիմնարկներու եւ հայկական եկեղեցւոյ հետ ունեցած յարաբերութիւններուն վրայ:

Գիրքը կը պարունակէ նաեւ փաստաթուղթերու եւ պատկերներու մեծ հաւաքածոյ, որ ընթերցողին կ’օգնէ պատկերացում կազմել ձեւաւորել գիրքի մէջ տեղ գտած պատմական փաստերու մասին:

Ներկայիս հեղինակը մտադիր է գիրքի շնորհանդէսը կազմակերպել համագործակցութեամբ Յորդանանի մշակոյթի նախարարութեան հետ, որպէսզի գիրքը հնարաւորին չափ մեծ թիւով ընթերցողներու հասանելի դառնայ, մանաւանդ որ արաբական եւ յատկապէս յորդանանեան գրադարանները չունին նման գիրքեր: Մսըրլեանի Ըրպէտ քաղաքի հայերու մասին պատմող սոյն հատորը իր տեսակին մէջ եզակի եւ արժէքաւոր հատոր մըն է:

 

«Արեւելք»

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ