Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհաւորութիւններ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ Իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեանին

Յունիս 6-8, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական-ներկայացուցչական 6րդ ժողովը։

Գերագոյն հոգևոր խորհուրդի անդամ ընտրուեցան տարբեր երկիրներէ հոգևորականներ եւ աշխարհականներ, որոնց շարքին Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը եւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեանը։

Մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նորընտիր թէ վերընտրեալ հոգեւորականներուն եւ աշխարհականներուն, եւ յատուկ շնորհաւորութիւններ մեր թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետին։

 

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

«Նոր Օր»ի վարչական եւ խմբագրական կազմեր

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ