Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Սուր Անկիւն. Երեւան-Երեւան

Տասնվեց ամիսներ մեզ կը բաժնեն Էրեբունի-Երեւանի 2800ամեակի տօնակատարութիւններէն…։ Ո՜հ, ինչ պատմական տարեթիւ եւ տարեդարձ։ Մեր երէց ընթերցողները լաւ կը յիշեն 2750 տարեկան Երեւանը։ Տօնակատարութիւնները հեռու չեն, այսօրուընէ հիւրանոցներու սենեակներ «կը գրաւուին» Հոկտեմբեր 2018ի համար։ Իսկ Երեւանը անցնող օրերուն զարմացած է տեղատարափ անձրեւէ եւ կարկուտէ…, նոյնքան մըն ալ զարմացած ու իր չար բախտով տատամսած է մեր հին ու նոր Երեւանի հին ու նոր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը։ Տեղացող անձրեւն ու կարկուտը անդամալուծեցին քաղաքին կեդրոնական մասերը եւ ե՞րբ պատահած է այդ՝ քաղաքապետին նոր երդմնառութեան յաջորդ օրն իսկ։ Ի՜նչ զուգադիպութիւն։

Երեւան պատրաստ չէ եղեր նման անակնկալներու… վա՜յ, բնութիւն, բնութիւն, էս ի՞նչ արեցիր մեր «կէօզալ» Երեւանին ու երեւանցիներուն։ Հիմա ինչպէ՜ս փակել բերանները ընդդիմադիր ուժերուն, մանաւանդ «Երկիր Ծիրանի»ին ու անոր քաջամարտիկ առաջնորդուհի Զարուհի Փոստանջեանին, հա՞…

Կեանքը շարունակւում է… տեսնենք յաջորդ անակնկալը ուրկէ՞ պիտի գայ մեր մայրաքաղաքին ու անոր պետին։

Մինչ այդ՝ շնորհաւոր հին ու նոր պաշտօնդ՝ մայրաքաղաքապետ Տարօ՛ն Մարգարեան։

 

ՆԵՏ ՈՒ ԱՂԵՂ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ