Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփի հականերգաղթային գործը դարձեալ տապալուեցաւ

ԱՄՆի վերաքննիչ դատարանը ուժի մէջ պահեց ստորին ատեանի դատարանի վճիռը, որ կ՚արգելափակէ վեց երկիրներու քաղաքացիներու մուտքի ժամանակաւոր արգելքի մասին՝ նախագահ Թրամփի մեղմացուած հրամանագիրը։

Մարտ 6ի հրամանագիրը կը վերաբերէր Իրանի, Լիպիոյ, Սուտանի, Սուրիոյ, Սոմալիի եւ Եմէնի քաղաքացիներուն,  որոնք Սպիտակ Տան համար ահաբեկչութեան կեդրոններ են։ Հարցը այն է, որ կարելի չէ ամբողջ երկրի մը բնակչութիւնը պատժել եւ անոնց մուտքը ԱՄՆ արգիլել։ Այս կէտը կը վնասէ գաղթականներու եւ ԱՄՆի շահերուն։ Մինչ կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ յիշեալ երկիրներէն ժամանակաւոր արգելքը կարեւոր է, երբ ներկայիս կը մշակուին ԱՄՆի տարածքին ահաբեկչական գործողութիւնները կանխելու միջոցները։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ