Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները թոյլատրած են, որ երրորդ երկիրներու օդանաւային ընկերութիւններ կրնան իրենց օդային տարածքը եւ օդակայանները օգտագործել դէպի Քաթար թռիչքներ կատարելու համար։
Յիշեցնենք, թէ վերոյիշեալ երկիրները եւ ուրիշներու շարքին խզած են յարաբերութիւնները Քաթարի հետ, ենթարկելով զայն ցամաքային, ծովային եւ օդային շրջափակումի։ Քաթար կը մեղադրուի ահաբեկչական միաւորներու աջակցելու մէջ։