Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Լիպիացի ուրուականներ Կատտաֆիէն ետք՝ փնտռելով ճշմարտութիւնը

ՌԱՊԸՐԹ Ֆ. ՈՒԸՐԹՀ

 

2003ի կանուխ ամրան, Ամերիկայի առաջնորդութեամբ Իրաքի արշաւանքէն քանի մը ամիսներ ետք, Պաղտատի մէջ հասայ աչքառու շէնք մը, ուր մթերուած էին Սատտամ Հիւսէյնի կառավարութեան զինուորական ու գաղտնի թղթածրարները։ Փոշեպատ փողոցին մէջ եռուզեռ կար բոլոր տարիքի անցորդներով։ Դրան մօտ կանգնած էին մենատիրական կեցուածքով քանի մը մարդիկ. տարիքոտ կիներ կը պոռային անոնց, պաղատելով տեղեկութիւններ ունենալ։ Երկիրը ինծի ծանօթ չէր. սկիզբը քիչ մը զարմացած էի, թէ դեղնելու վրայ եղող վերոյիշեալ թղթածրարները կրնային այսքան յուզում ու գրգիռ յառաջացնել։ Երկար չտեւեց գուշակութիւնս. Սատտամի իշխանութեան ատեն, մահապատիժի հրապարակային գործադրութեան զուգահեռ, անթիւ ուրիշներ անյայտացած էին անհամար նկուղներու մէջ։ Ասոնց ընտանիքները, հոգեմաշ բայց յուսալից, կը  կաշառէին իշխանութեան պաշտօնատարները, տեղեկութիւններ ունենալու համար անյայտացած իրենց հարազատներուն մասին, որոնք երբեք չյայտնուեցան։

Վերոյիշեալ տխուր պատկերացումերը, նկարագրութիւններով, ներկայացուած են լիպիացի, անգլիագիր  հեղինակ Հիշամ Մաթարի կողմէ, լոյս ընծայուած երեք նորավէպերու մէջ. «In The Country of Men» (2006), «Anatomy of a Disappearance» (2011) եւ «The Return: Fathers, Sons, and the Land in Between» (2016)։ Այս ստեղծագործութիւնները ողբերգական պատմութիւններն են Կատտաֆիի բռնակալ իշխանութեան օրով անհետացած լիպիացիներու մասին, որոնց շարքին էր ընդդիմադիր իր հայրը՝ Ժապալլա Մաթարը։

 

Դարձեալ տուն չես կրնար վերադառնալ

Լոնտոն ապրելէ, ուսանելէ, անգլիահպատակ դառնալէ ետք, Կատտաֆիի դէմ, երբ ըմբոստութիւնը սկսաւ 2011 Փետրուարին, Հ. Մաթար չ՚ուզեր վերադառնալ Լիպիա, վախնալով որ «պիտի կորսնցնէր» այն սառած պատկերացումները, որոնք հիւսուած էին 33 տարիներու ընթացքին. «վերադարձ»ը կը ցոլացնէ իր մանկական զգայուն գիտակցութիւնը, որ կը  փոխադրուի իր հօրենական մշակոյթին, որ իր կարգին զեղուած է բռնութեամբ։

 

Հօր պատկերը

Մաթարի վերադարձի պատմութիւնը մեծ մասամբ կը պատկերացնէ իր ազգականներուն վերագտնուիլը։ Իր Մահմուտ հօրեղբայրը եւ այլ հարազատներ բանտէն արձակուած էին 2011ի ցոյցերէն ետք, 21 տարիներու արգելափակումէ ու չարչարանքներէ ետք։ Մահմուտի զաւակը՝ Իզզոն, սպաննուած էր Թրիփոլիի ազատագրումի ընթացքին (2011 Օգոստոսին) նշանառուի մը կողմէ։

Իզզոյի եղբայրը՝ Համէտը շարունակեց զինեալ պայքարը, հակառակ ծնողաց պաղատանքներուն։ Յետագային, Սուրիա գնաց, ըմբոստ զինեալներու հետ Պ. Ասատի իշխանութեան դէմ կռուելու համար։ Վիրաւորուելէ ետք է որ միայն վերադարձաւ Լիպիա։

Մաթարի ընտանիքի տրաման ձեւով մը Լիպիոյ արդի համառօտ պատմութիւնն է։ Հօրենական մեծ հայրը ծնած էր 1880ին, երբ «երկիրը ընդարձակ ու գրեթէ խոպան բնակավայր մըն էր», անուանական կերպով Օսմանեան տիրակալութեան տակ։ 1911ին, իտալացիները երբ յարձակեցան Լիպիոյ վրայ, հանդիպեցան կատաղի ընդդիմադրութեան մը, առաջնորդուած Օմար-էլ-Մուխթարի կողմէ, Սընուսի կրօնական խորհրդապաշտ աղանդի մը պատկանող առասպելական հրոսակ մը. ասիկա կը նկատուի Լիպիոյ մեծանուն ազգային հերոսը։ Մաթարին մեծ հայրը ընդդիմադրութեան կռիւին մասնակցեցաւ 1911էն 1919։ Երբ վիրաւորուեցաւ, փախուստ տալով Եգիպտոս, չմասնակցեցաւ 1922էն սկսեալ Մուսոլինիի կողմէ ղեկավարուած արիւնալի բախումներուն։ Իտալական օդանաւերը անխնայ ռմբակոծեցին, կազով թունաւորելով բազմաթիւ գիւղեր, ու կեդրոնական ճամբարներու մէջ արգելափակելով հազարաւորներ։ Արդարեւ, արեւելեան Լիպիոյ բնակչութիւնը 225,000էն նուազեցաւ 142,000ի։

Մաթարին հայրը մեծ քարիզմա ունեցող անձ մըն էր, իր անհետացումէն առաջ։ 1980ական թուականներուն, կառավարութիւնը յատուկ մարդիկ ուղարկեց արտասահման, երէց Մաթարը կալանաւորելու համար։ Աւելի ուշ, Մաթարի եղբայրը՝ Զիատը հետապնդուեցաւ մինչեւ իր գիշերօթիկ դպրոցը Զուեցերիոյ մէջ։

Լիպիա իր վերադարձին՝ 2012ին, Մաթար կը հանդիպի հայրենակիցներու, որոնք յարգալիր վերաբերում ցոյց տուին, ճանչնալով իրենց բանտի ընկերը՝ հայրը։ Ասոնցմէ մէկը, ցոյց տուաւ դպրոցական թերթի մը մէջ իր հօր մէկ օրագիրը, որ կը պատմէր երկրին անկախութեան համար մղուած պայքարը իտալացիներուն դէմ։

Ըմբոստութենէն անմիջապէս առաջ, 2011ին, լիպիական իշխանութիւնները փորձեցին ողոքել (սիրտը առնել) Մաթարը։ Զուգահեռաբար, այդ շրջանին, Բրիտանիոյ կառավարութիւնը բարւոքելու վրայ էր յարաբերութիւնները Լիպիոյ հետ։ Միջնորդներու միջոցով, ժամադրութիւն մը կարգադրուեցաւ Կատտաֆիին տղուն՝ Սէյֆ էլ-Իսլամ էլ-Կատտաֆիի եւ Հիշամ Մաթարի միջեւ, Լոնտոնի պանդոկներէն մէկուն մէջ, 2010ին։ Սէյֆ Մաթարի յայտնեց, թէ ինք տեղեակ էր, թէ ինչ պատահած էր հօրը. սակայն, նախ կ՚ակնկալէր որ Մաթար դիւրաբարոյ գտնուէր եգիպտական գաղտնի սպասարկութեան ու Կատտաֆիի թիկնապահներուն հանդէպ։ Տեսակցութեան աւարտին, Մաթար յայտնեց հետեւեալը. «Պիտի ընդունի բացարձակ իրողութիւնը, թէ իր հայրը սպաննուած է 1996ին Ապու Սելիմի բանտին մէջ, սպանդի ընթացքին, որուն հետեւանքով 1278 մարդիկ մահացան։ Անոնց դիակները ծով թափուեցան, կամ՝ հաւաքաբար թաղուեցան։ Այս գազանութիւնն էր, որ 2011ի ապստամբութեան տեղի տուաւ»։

 

Հրաժեշտ մեծ մարդուն

Մաթարի պատմութիւնը հոս վերջ կը գտնէ։ 2012ի կէսերուն, Կատտաֆիի անկումէն ու մահէն ետք, Մաթար չ՚ուզեր անդրադառնալ իր երկրի տարբաղադրումին։ Ճիհատիսթ ապստամբութիւնը, երկու մրցակից իշխանութեանց պայքարը զինեալ խումբերու բախումները. արդեօք ասիկա ՆԱԹՕ-ի սխալ ըմբռնուած միջամտութեան ու ռմբակոծումներուն հետեւա՞նքն է։ Քիչ բան ըսուած է Լիպիոյ մէջ ստեղծուած քառոսին նկատմամբ։

Ըստ Մաթարի, մենք կ՚ապրինք սեւեռուն պաշարումի մը վաղորդայնին։

 

***

Ծնունդով լիպիացի, անգլիահպատակ Հիշամ Մաթարի լոյս ընծայած 3 հատորներու բովանդակութեանց ընդմէջէն, Robert F. Worth կ՚անդրադառնայ Կատտաֆիի բռնատիրական իշխանութեան (1969-2011)։ Ճշմարտութեան փնտռտուքը աւելի ամբողջական պիտի դառնար, եթէ յօդուածագիրը նկատի ունենար նաեւ 2011էն իվեր ստեղծուած քաոսային իրավիճակը Լիպիոյ մէջ։

Արդարեւ, երկու շրջաններ՝ Արեւմտեան Լիպիան, մայրաքաղաք Թրիփոլիով եւ յարակից երկու քաղաքներով, եւ  Արեւելեան Լիպիան՝ Պայտա քաղաքով (250,000 բնակչութեամբ), Եգիպտոսի Արեւմտեան սահմանին մօտ, բուռն պայքարի մէջ են, տիրապետութեանը համար ամբողջական Լիպիոյ։ Իսկ հարաւային շրջանը տիրապետութեան տակ է ըմբոստ զինեալներու։

Լիպիան ժամադրավայրը դարձած է Ափրիկեան երկիրներէ (Մալի, Չատ, Հարաւային Սուտան, Սոմալիա, Նիկերիա), Արաբական Թերակղզիէ, Չեչնիայէ, Իրաքէ, Աֆղանիստանէ, Փաքիստանէ եկած մոլեռանդ իսլամ զինեալներու։ Ասոնցմէ շատեր ներգրաւուած են սուրիական քաղաքացիական պատերազմին մէջ։

Լիպիոյ ազատագրական պայքարին մէջ Մաթար գերդաստանին դրական պատկերը կը ստուրոտի, երբ հեղինակին հօրեղբօր մէկ տղան՝ Համէտը, որ կրօնամոլ զինեալ մըն է, իբրեւ կամաւոր կը կռուի ISIS-ի շարքերուն մէջ Սուրիոյ իշխանութեան դէմ, ու վիրաւորուելէ ետք կը վերադառնայ Լիպիա։

Լիպիոյ մէջ կը գործեն զինեալ ծայրայեղ խմբաւորումներ (Սալաֆի, Սընուսի կրօնամոլներ), որոնցմէ ISIS-ի հետեւորդները ոչ միայն անհակակշռելի մթնոլորտ ստեղծած են, արտագաղթի մղելով ժողովուրդը, յատկապէս դէպի Եւրոպա, այլ յոյժ անապահով դարձնելով երկիրը իրենց սանձարձակ արարքներով։ ՆԱԹՕն կը փորձէ պաշտպանել քարիւղային արտադրութիւնը ու քարիւղային ընկերութեանց շահերը…։

Կատտաֆին բռնակալ մըն էր, ու տրորեց իր իշխանութեան ընդդիմացողները։ Արեւմուտքի միջամտութեամբ վերջ տրուեցաւ Կատտաֆիի իշխանութեան։ ՆԱԹՕի հովանաւորութիւնը վայելող լիպիական նորահաստատ պատմութիւնը, գլխաւոր մեկնակէտը դարձած է ծայրայեղ ճիհատիսթներու, որոնք արիւնալի ահաբեկումներ կը կատարեն ամերիկեան եւ Եւրոպական ոստաններէ ներս, Ափրիկեան երկիրներու, ինչպէս նաեւ՝ Պաղտատի ու Փաքիստանի մէջ։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Foreign Affairs», Մայիս-Յունիս, 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ