Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Անդրադարձ. Ժամանա՞կն է արդեօք նոր, զգաստ և չափաւոր իսլամ կրօնքի մը

Արեւմուտքի ձեռնավարութիւնը, աշխարհի երկրորդ տարածուն կրօնքի, իսլամութեան մէկ ու կէս միլիառ հետեւորդներուն հանդէպ,  իր քաղաքական շահարկումներու մարզերուն մէջ կրնայ յաւիտենական վնաս հասցնել չափաւոր կամ մեղմ իսլամ տարրին համար, որ այսօր կը պայքարի իր կրօնքի բարեկարգման և չափաւորման համար:

Արևմուտքի մէջ, հասարակութիւնը դարերէ ի վեր ուսանած և հասակ առած էր արեւմտեան գաղափարախօսութեամբ և քրիստոնէական կրօնական կրթութեամբ, առանց դոյզն հետաքրքրութեան կամ գաղափար ունենալու իսլամութեան մասին. ի բաց առեալ պատմական կարգ մը տուեալներէ: Անշուշտ, միջին դարերէն սկսեալ այդ ուսուցմունքը իրենց մօտ այնքան նօսրացած է «աշխարհականութեան» անուան ներքև, որուն հետեւանքով արեւմուտքի պետութիւնները վերածուած են լոկ գործնական ղեկավարութեան կառոյցներու: Միւս կողմէ, իսլամ աշխարհը նոյնպէս, առանց այլևայլի, հետեւած է իսլամ կրօնքի ուսուցողութեան իր 1400 տարուան պատմութեան մէջ, Մուհամմէտէն ետք տարբեր ուսուցիչներու և օրէնսդիրներու հրահանգներուն հետեւելով, կամայ թէ ակամայ, որոնք յաճախ շեղած են սկզբնական իսլամութեան ուսուցողութենէն իրենց ժամանակակից պահանջքներէն և շահերէն դրդուելով: Իսլամ աշխարհը նոյնպէս՝ մօտիկէն չէր հետաքրքրուած կամ գործակցած քրիստոնեայ Արեւմուտքի քաղաքական գաղափարախօսութեան հետ, մինչև վերջին 100 տարին:

7-րդ դարէն սկսեալ աշխարհի մէջ իսլամ կրօնքը պիտակուած էր որպէս ասպատակող, ոճրագործ, արշաւող, գերեվարող և այլ նուաստացուցիչ կոչումներով կրօնք, անկախ ազգութիւններու պատկանելիութեան: Պատճա՞ռը, որովհետեւ սկզբնական շրջանին, կարգ մը այլ կրօնքներու նման, իսլամը չափազանցելով այն, սուրով և հուրով տարածեց իր հաւատքը աշխարհին մէջ և իր հետեւորդներուն յանձնեց այդ հաւատքի հետեւողականութիւնը: Անոր նպատակը տիրապետութիւնն ու մրցակցութիւնն էր քրիստոնէութեան և քրիստոնեայ աշխարհին հետ. պայքար մը, որ տակաւին կը շարունակուի տարբեր երանգներով և միջոցներով և շատ յաճախ նոյնիսկ իսլամ յարանուանութիւններու միջև, ինչպէս կը տեսնենք այսօրուան անցուդարձերով:

Բայց արդեօ՞ք բոլոր իսլամները նոյն կարծրամիտ մտածողութեամբ են այսօր, աշխարհի արուեստագիտական բարձրագոյն մակարդակի հասած գիտելիքներով և ուսումով: Կարելի՞ է այդ իսլամը դասել նոյն մոլեռանդ իսլամին հետ: Կամ՝ ինչպէ՞ս կարելի է վարուիլ նման իսլամի մը հետ, երբ ան արդէն շրջանցած է իր կրօնքին սահմանափակումները, պաշտօնական կոչ կ՚ուղղէ իսլամ կրօնքի հետեւորդներուն, վանելու և ջնջելու մոլեռանդութիւն, վայրագութիւն և անմարդկային վերաբերմունքներ իսլամ կրօնքէն, հետեւելու համար աշխարհի նորընթաց գնացքին: Նման հետեւողութեան կոչեր սկսած ենք տեսնել «ԵուԹիւպի» և համացանցային տարածումներով, նոյնիսկ իսլամ իմամներու բերնով ինչպէս՝ Սուրիոյ, Եգիպտոսի և Քուէյթի մէջ: Արդէն նոյն գաղափարախօսութեան հետեւող միութիւններ սկսած են կազմուիլ  աշխարհի իսլամ երկիրներու մէջ, նոյնիսկ՝ մոլեռանդ դասուած երկիրներու տարածքին, յաճախ հետապնդման կամ հալածանքի ենթարկուելով այդ պետութիւններուն կամ ծայրայեղ տարրերու կողմէ:

Բայց՝ իսլամ կրօնքի սառցահալը արդէն պարտադրիչ երեւոյթ կը դառնայ քաղաքակրթութեան և յառաջդիմութեան ուժեղ հոսանքին դիմաց, մանաւանդ՝ երբ կարելի չէ այլևս կառչիլ հնադարեան ուսուցմունքներու փոփոխութեան անթոյլատու տուեալներուն:

Աշխարհի վրայ այսօր բազմացած են ժողովրդավարութեան, համերաշխութեան, բարեկամեցողութեան, մարդկային իրաւունքներու, խտրականութեան և այլ զանազան բարի կոչերու տեսակներ, ազգերու միատեղ, ազատ և խաղաղ ապրելու պահանջքներով, ընդհանրապէս՝ ձախակողմեան, ազատական և ժողովրդավար  գաղափարախօսութիւններու տէր միութիւններու, կուսակցութիւններու և կարգ մը կառավարութիւններու մօտ, անոնք ըլլան իսլամ կամ քրիստոնեայ: Ասոնց մօտ, այս հաւատքը կամ պահանջքը շատ հաւանականօրէն կը հանդիպի սուր ընդդիմութեան և պայքարի՝ աջակողմեան զանգուածին քով, կրկին՝ ըլլան անոնք քրիստոնեայ կամ իսլամ, որ աւելի մոլեռանդ, խտրական և պահպանողական է իր համոզմունքներուն մէջ, ըլլան անոնք կրօնական թէ աշխարհական:

Ու այսպիսով կը ծագին անհասկացողութիւններ ու տարակարծութիւններ, երբ երկու հոսանքները  կը բախին իրարու, ստեղծելով յեղափոխութիւններ և անտեղի արիւնահեղութիւն, նոյնիսկ նոյն համայնքներուն և յարանուանութիւններուն միջև:

Ի զուր չէ կարգ մը իսլամ պետութիւններու աշխարհականութեան հետեւողականութեան որդեգրած դիրքը իրենց երկրին պահանջեալ տուեալներով և կացութեամբ, երբ անոնք կը ջանան քայլ պահել քաղաքակրթութեան հետ առկայ պայմաններով, և սակայն մինչև այսօր կը պայքարին մոլեռանդ կրօնամոլներուն և պահպանողական տարրերուն դէմ:

Գալով քրիստոնեայ և իսլամ աշխարհի գաղափարախօսութեան մերձեցման, որ կրնայ առաջնորդել ժողովուրդներու միատեղ և համերաշխ ապրելակերպի գոյութեան, անհրաժեշտ է վերջինին զգաստ և չափաւոր կրօնական շարժման յաջողութիւնը, որպէսզի ան զոհը չդառնայ նորանոր «արաբական գարուններու»:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ