Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

ՆԱՀԱՆԳԱՊԵՏ ՃԷՐԻ ՊՐԱՈՒՆ ՄԵՐԺԵՑ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

1982ին Լոս Անճելոսի մէջ, Արդարութեան Մարտիկներ անունով կազմակերպութեան մաս կազմող 19 տարեկան Համբիկ Սասունեան եւ իր մէկ ընկերը, որ բնաւ ԱՄՆի մէջ չբռնուեցաւ, այս երկու երիտասարդները սպաննեցին Լոս Անճելըսի թուրք հիւպատոսը: 35 տարի Համբիկ Սասունեան բանտարկուելէ ետք, բանտի Վերատեսութեան մարմինը, այս տարի միաձայնութեամբ որոշեց հայազգի բանտարկեալը ազատ արձակել: Այս որոշումը գործադրելու համար պէտք է, որ նահանգապետ Ճէրի Պրաունը ստորագրէր զայն:

     Դժբախտաբար, «հայասէր», «Հայութեան դժբախտութիւններուն մօտէն ծանօթ Ճէրի Պրաունը», շատ մեծ ճնշումի տակ դրուեցաւ, եւ ստիպուած՝ մերժեց Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու վերատեսութեան մարմնի որոշումը: Այսպէս, հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս թուրք քաղաքական գործակալներու սադրանքներուն զոհ գնաց:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ