Ուրախութեամբ կու գանք հաղորդելու թէ մեր երիտասարդ կրթական գործիչներէն Նայիրի Նահապետեան, որ 8 տարիէ ի վեր Կլենտէյլի կրթական խորհուրդի ընտրեալ անդամ է, անգամ մը եւս միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Կլենտէյլի կրթական խորհուրդի նախագահի պաշտօնին:
Նմանապէս, Կլենտէյլ Քոլէճի հոգաբարձութեան ընտրեալ անդամ Դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, դարձեալ միաձայնութեամբ Կլենտէյլ Քոլէճի հոգաբարձութեան նախագահ ընտրուեցաւ:
Մեր շնորհաւորութիւնները։