Հայց. Առաքելական Եկեղեցույ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը, քսան տարիէ ի վեր կը հրատարակէ «Հոգեւոր Պրիսմակ» անունով իր պաշտօնաթերթը: Խմբագիրներն են Հոգշ. Տ. Միւռոն Վրդ. Ազնիկեան եւ Խաչիկ սարկաւագ Շանաքեան:
2017ի առաջին թիւը նախորդ թիւերու նման 80 էջնոց հրատարակութիւն մըն է։