Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

UCLA-Ի ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆԸ

Թրքական լկտի սովորութեան համաձայն, այս անգամ ալ Մայիս 22ին UCLAի համալսարանին մէջ “Young Turks” կազմակերպութեան կողմէ դասախօսութիւն մը կազմակերպուած էր: Խօսողն էր Աննա Գասպարեան անունով տիկին մը: Նիւթն էր՝ «Բանակցութիւններ՝ հարցեր լուծելու համար»: Աննա Գասպարեան ներկայացուց թրքական ու մանաւանդ “Young Turks” կազմակերպութեան տեսակէտները եւ դասախօսութիւնը աւարտելուն պէս՝ ձգեց եւ մեկնեցաւ սրահէն առանց ներկաներուն կողմէ հարցումներ տալու պահանջքը նկատի ունենալու:

     Հայ երիտասարդները, որոնք ներկայ էին այս դասախօսութեան, խստօրէն դատապարտեցին Եու.Սի.Էլ.Էյ.-ի տնօրէնութիւնը նման դասախօսութիւն մը կազմակերպելնուն համար, առանց առիթ տալու ներկաներուն որ հարցեր ուղղեն զեկուցողին, անոր ստապատիր խօսքերուն պատասխանելով:

     Ալաթուրքա «դեմոկրասիայի» պայծառ օրինակ մը եւս տրուեցաւ այդ գիշեր:       

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ