Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

«Զարթօնք» Օրաթերթ – Լիբանան Թերթիս հոգեհարազատ բարեկամ Ժոզէֆ Կանիմեանի հետ

Անմիջական եւ մտերիմ մթնոլորտի մէջ հաճելի էր «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ ընդունիլ Մեթր Ժոզէֆ Կանիմեանը։

Ժոզէֆ Կանիմեան նախկին լիբանանահայ, այժմ ամերիկաբնակ ազգային դէմք մըն է: Ան ծնած է Լիբանան, ուր տեղւոյն ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանին մէջ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Այնուհետեւ իր երկրորդական ուսումը ստացած է ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ եւ երկու կիսամեակ Հայկազեան Համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք, վերջնականապէս մեկնած է ԱՄՆ։

 «Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով մեկնեցայ Ամերիկա, ուր ուսումս շարունակեցի Մինեսոթա Համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուեցայ նախ պսակաւոր արուեստից, ապա ստացայ մագիստրոսի կոչում (MBA): Իբրեւ իրաւաբան կ՚աշխատիմ 90-ական թուականներէն ի վեր եւ Լոս Անճելըսի մէջ ունիմ իմ անձնական իրաւաբանական գրասենեակս». հակիրճ կերպով իր կենսագրականը ըրաւ մեր հիւրը։

Մեր վկայութեամբ, Պրն. Կանիմեան ազգային կարեւոր դէմք է Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ: 2003 թուականին Գերշ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ ընտրուելէն ետք, Պրն. Կանիմեան եղաւ ծխական խորհուրդի անդամ, այնուհետեւ՝ թեմական խորհուրդի ատենապետ: Այս տարի եւս վերընտրուեցաւ իբրեւ թեմական խորհուրդի ատենապետ: Նշենք, որ Պրն. Կանիմեան Լոս Անճելըսի Կարմիր Խաչ հաստատութեան վարչական անդամ է։ Ան 12 տարի ծառայած է «Արարատ Տան» որպէս հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ: Պրն. Կանիմեանի նպաստը մեծ եղած է Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Դեսպանատան հիմնադրման աշխատանքներուն մէջ։

Վերջերս, ան յատուկ կերպով գտնուելով Հայաստան, մասնակցած է Ս. Էջմիածնի Եկեղեցական-ներկայացուցչական վեցերորդ ժողովի քառօրեայ աշխատանքներուն։ Աւարտին, Պրն. Կանիմեան ընտրուած է Ս. Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ։

«Ամերիկա մեկնելէս ետք՝ ասիկա իմ առաջին այցելութիւնս է Լիբանան։ Արդէն անցած են 40 տարիներ: Ինծի համար այստեղ որոշ շրջաններ փոխուած են, որոշ շրջաններ մնացած են նոյնը, բայց հայութեան «տաքուկ» կապը իրարու հանդէպ մնացած է նոյնը», իր Լիբանան այցելութեան տպաւորութիւնները փոխանցեց մեր սիրելի հիւրը։

Լոս Անճելըսի հայկական գաղութը շատ աշխոյժ է, համախմբուած՝ եկեղեցւոյ շուրջ, որովհետեւ անիկա կու տայ ո՛չ միայն հոգեւոր սնունդ, այլեւ ունի ազգայինի պահպանման ու փոխանցման կարեւոր եւ գործունեայ դեր։

Ֆրեզնոյի, Հոլիվուտի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ այլ քաղաքներու մէջ ունինք աւելի քան 40 եկեղեցի, որոնք բոլորն ալ կանոնաւորապէս կը գործեն: Ունին իրենց քահանաները եւ որոնք կը վարեն աշխոյժ գործունէութիւն։ Լաս Վեկասի մէջ եւս ունինք նորակառոյց կեղեցի: Այս բոլորին համար շնորհակալ ենք Յովնան Սրբազանին եւ իր աշխատակիցներուն», հաստատեց Պրն. Կանիմեան։

Մեր գաղութը իր ամբողջացուցիչ տարրերով՝ իր բոլոր կազմակերպութիւններով, աւանդական երեք կուսակցութիւններով, ունի իր գործունեայ դերը գաղութին բարօրութեան մէջ։ Ուրախ եմ ըսելու, որ անոնց միջեւ համերաշխ գործունէութիւն կայ: Բոլոր աշխատանքներն ալ կ՚իրականացուին իրարու հետ համախոհաբար: Անշուշտ այդ կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը ունի իր ծրագիրները, բայց բոլորիս նպատակն ալ մէկն է՝ հայապահպանումը եւ հայ ազգի գոյատեւումը», պատասխանատուութեամբ շեշտեց մեր հիւրը։

«Ես, իբրեւ փաստաբան, իմ գործունէութիւնը կ՚իրականացնեմ Քալիֆորնիոյ մէջ զայն ծառայեցնելով նաեւ յօգուտ մեր գաղութին։ Կրնամ ըսել, որ երիտասարդները այսօր շատ կապուած են եկեղեցիին, որ շատ գովելի է, եւ իսկապէս՝ հաճելի երեւոյթ մը։ Եկեղեցիներուն մէջ ամէն օր եռուզեռ կայ, յատկապէս Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարէն ներս։ Այցելուներուն մէջ շատ են ուխտաւորները, որոնց մէջ մեծ է երիտասարդներուն թիւը, որ իսկապէս յուսադրիչ երեւոյթ է Ամերիկայի համար: Մեր ծարագիրն ալ այդ է` երիտասարդը կապել եկեղեցիին եւ եկեղեցւոյ միջոցով հայրենիքին՝ հայ տառին, հայ գիրին: Կրնամ ըսել, որ հասած ենք բաւական լաւ արդիւնքի։ Իւրաքանչիւրս իր դիրքէն. բոլորիս նպատակն ալ մեր ինքնութիւնը պահպանելն է: Կ՚աշխատինք երիտասարդը կապել հայութեան, հայկականութեան եւ Հայաստանի հետ», խանդավառութեամբ հաստատեց Պրն. Կանիմեան։
Ան մեծ ոգեւորութեամբ խօսեցաւ նաեւ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան հսկայածաւալ համալիր-թանգարանին մասին, որուն կազմակերպչական մարմնին անդամ է ինք, ներկայացնելով Արեւմտեան թեմի թեմական խորհուրդը։ Պրն. Կանիմեան դրուատիքով խօսեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանին աջակցութեան մասին, մեծ հպարտութեամբ նշելով, որ անոր հինգ անդամներուն 4-ը հայեր են։

Խօսելով Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններուն մասին, Պրն. Կանիմեան յիշեցուց, որ այնտեղ կը գործէ թեմական Յովսէփեան վարժարանը ազգային եւ բարեգործական այլ դպրոցներու շարքին: Գաղութին մասին ճշգրիտ թիւ մը բնականաբար չկարենալով տալ, Պրն. Կանիմեան յստակացուց, որ կան ընտանիքներ, որոնք իրենց զաւակները հայկական դպրոց չեն ղրկեր, որուն հիմնական պատճառը նիւթականն է։

«Յատկանշական է, որ հայկական դպրոցներու աշակերտները կ՚ընդունուին համբաւ ունեցող համալսարաններ` դառնալով բժիշկ, իրաւաբան, քիմիագէտ, ճարտարապետ: Այսինքն, հայկական դպրոցները այսօր հաւասար են միւս բարձր դպրոցներուն։ Որպէսզի քիչ մը թեթեւցնենք ծնողներուն բեռը՝ կը գործեն որոշ կրթական ֆոնտեր: Օրինակ, Արեւմտեան թեմը ունի յատուկ յանձնախումբ մը, որ կը կազմակերպէ դրամահաւաքներ եւ նպաստի տեսքով կը տրամադրէ բոլոր ընտանիքներուն անխտիր», եզրափակեց մեր հիւրը։

Պրն. Կանիմեանի նման ազգայիններ յաւելեալ արժէք կը ներայացնեն իրենց գաղութներուն մէջ։ Իր գործունէութիւնն ու իրեն վստահուած պաշտօնները լաւագոյն վկաներն են այն անզուգական ճիգերուն, որ ան ի գործ կը դնէ յօգուտ հայ ժողովուրդին։

Նշենք, որ Պրն. Ժոզէֆ Կանիմեան իր Պէյրութ կեցութեան օրերուն այցելութիւններ տուաւ ազգային հաստատութիւններու, որոնց շարքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն՝ հանդիպելով Արամ Ա. Վեհափառին հետ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան Համալսարան, ուր զինք ընդունեց Համալսարանի նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան։

Յաջողութիւն մեր սիրելի հիւրին, որ շուտով պիտի վերադառնայ ԱՄՆ։

(Որոշ յապաւումներով)

«Զարթօնք», 17 Յունիս 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ