Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին յայտարարութիւնը

Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Մինսքի խումբի երեք համանախագահները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիքը Յունիսին կը գտնուէին Հայաստան, Արցախ եւ Ատրպէյճան։

Անոնք հանդէս եկած են յայտարարութեամբ, ուր նշած են, որ իրենց առաքելութիւնն էր կողմերուն դիրքորոշումները ճշդել եւ հակամարտ գօտիի իրադրութիւնը քննել։ Անոնք հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն, արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարներուն հետ, Արցախի ղեկավարութեան հետ, այցելած Արցախեան տարբեր շրջաններ, ինչպէս նաեւ Պաքուի մէջ հանդիպած Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքին հետ։

Վերջին զարգացումներուն եւ մահերուն առիթով, անոնք իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Պաքուին, դիմելով խուսափիլ յետագայ լարուածութիւններէ։ Անոնք նոյն կոչը յղած են նաեւ ՀՀ-ին եւ Լեռնային Ղարաբաղին։

Բնականաբար, անոնք բոլոր կողմերուն դիմած են բանակցութիւններու միջոցով հարցերը լուծել։ Կարճ՝ երկխօսութիւններու շարունակում եւ փոխզիջումային լուծում։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ