Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան Քաթարի մայրաքաղաքին մէջ Յունիս 18ին հանդիպած է իր գործընկեր Շէյխ Մոհամմէտ պըն Ապտուլռահման ալ Թանիին։ Նալպանտեան փոխանցած է ՀՀ նախագահին ուղերձը եւ քննարկած երկկողմ գործակցութեան առնչուող հարցեր։ Յաջորդ օրը ան մեկնած է Լիւքսէմպուրկ, մասնակցելու Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին։