Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Օրակարգ մտցնել Արցախի ճանաչումը

«Ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ Ատրպէյճանի դէմ նոր պատերազմ սկսելու պարագային, Հայաստանի Ազգային Ժողովը անմիջապէս օրակարգի վրայ պէտք է բերէ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու հարցը։ Նման կարծիք յայտնած է Արցախի «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավարներէն Արթուր Թովմասեանը։ «Արցախի հետ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքելով, Հայաստան կը դառնայ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան երաշխաւորը», նշած է ան հայկական կուսակցութիւններու երրորդ համաժողովին ընթացքին, Ստեփանակերտի մէջ։

 

Երեք զոհ եւ պատրաստ վիճակ

Յունիս16ին ատրպէյճանական կողմը խախտելով հրադադարը պատճառ դարձած էր երեք հայ զինուորներու մահուան։ Քսանամեայ երեք զոհերն ալ յետմահու պարգեւատրուեցան «Մարտական ծառայութեան» մետալով։ Անոնք են՝ Արայիկ Մատինեան, Վիգէն Պետրոսեան եւ Վարդան Սարգսեան։
Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանի խօսքերով, Արցախի բանակը պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ եթէ նոր զարգացումներ արձանագրուին, հայկական կողմը պիտի տայ համապատասխան հարուած։

 

Ատրպէյճանի զօրավարժութիւնները տեղի կ՚ունենան միջազգային խախտումներով

Ատրպէյճանական եւ թրքական զինուած ուժերու մասնակցութեամբ մարտավարական զօրավարժութիւնները տեղի կ՚ունենան միջազգային չափանիշերու խախտումներով, յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

Խօսքը Յունիս 12-16 Նախիջեւանի զօրավարժութիւններուն մասին է եւ «միջազգային հանրութիւնը Վիեննայի համաձայնագրի համաձայն իրազեկուած չէ։ Հերթական անգամ փաստում ենք, որ Ատրպէյճանը հերթական անգամ արհամարհում է ցանկացած բնոյթի միջազգային պարտաւորութիւն», շեշտած է Յովհաննիսեան։

 

ԵԼՔ դաշինքը Ստեփանակերտի մէջ

Անցեալ Ուրբաթ օր, ԵԼՔ դաշինքի ներկայացուցիչներ՝ պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեան, Էտմոն Մարուքեան, Արամ Սարգսեան, Արտակ Զէյնալեան, Երեւանի աւագանիի անդամ Անի Սամսոնեան եւ  Սուրէն Պապիկեան Արցախի մայրաքաղաքին մէջ տեսակցած են նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, քննարկելով երկու պետութիւններու անվտանգութեան գծով համագործակցական հարցեր։

 

Ներդրում կատարողները մեծ վտանգներու կ՚ենթարկուին…

Համաշխարհային Դրամատան «Հայաստան. Երկրի համակարգուած գնահատում» զեկոյցը ցոյց կու տայ, թէ 2014-16 տարիներուն օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու հոսքը ուղղուած եղած է վերականգնուող ուժանիւթի եւ կապի ոլորտներուն։ Զեկոյցը կը նշէ, թէ աշխարհի վրայ կ՚ապրի շուրջ 10 միլիոն հայկական ծագում ունեցող մարդ եւ «լիարժէք օգտագործուած չէ սփիւռքի ներուժը», օժանդակելու միջազգային առեւտուրի ծաւալներուն։

 

«Հայազն» կուսակցութիւնը ինքնալուծարուեցաւ եւ միացաւ ՍԴՀԿին

Հայազն կուսակցութիւնը գումարելով արտահերթ համագումար, որոշեց ինքնալուծարուիլ եւ մինչեւ մէկ ամիս միանալ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, մաս կազմելով անոր մեծ ընտանիքին։

 

Երեւան կ՚ունենայ «Արժանիթինի Հանրապետութեան հրապարակ»

Մայրաքաղաք Երեւանի հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի «Արժանթինի Հանրապետութեան հրապարակ», որոշում տուած է Երեւանի քաղաքապետարանը։ Վայրը Սայեաթ-Նովա պողոտայի եւ Չարենցի փողոցի հատման հատուածին կեդրոնը պիտի ըլլայ։

 

Բարդութիւններ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան  ծառայութեան նախկին ղեկավար Դաւիթ Շահնազարեան Արցախի մէջ յայտարարած է, թէ ամէն վայրկեան պէտք է պատրաստ գտնուինք պատերազմի։ Իսկ Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ նոր բարդութիւններ ստեղծուած են, կապուած կազային շահերու վրայ, ըսած է ան։

 

———————————————————————————————

 

Հայաստանի պետական պարտքը անցաւ վեց միլիառ տոլարի սահմանը

«Հետք» կը յայտնէ, թէ այս տարուան Ապրիլին Հայաստանի պետական պարտքը անցաւ վեց միլիառ (պիլիոն) տոլարի սահմանը, որուն 4,85 միլիառ տոլարը արտաքին պարտք է։

Արդարեւ, Մարտի վերջաւորութեան տուեալներով, Հայաստանի ամենամեծ «պարտատէրը» Համաշխարհային Դրամատունն է (ՀԴ), անոր՝ «Զարգացման միջազգային ընկերակցութեան» եւ «Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան» անուններուն տակ։ Հայաստանը ՀԴին պարտք է 1,75 միլիառ տոլար, որ ընդհանուր պարտքին շուրջ 36 տոկոսն է։

Միւս վարկատուն Ասիական զարգացման դրամատունն է, պարտքն է՝ 515.157 միլիոն տոլար։ Երրորդը՝ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամն է, որուն ՀՀի պարտքն է 410.758 միլիոն տոլար։

Եւրասիական զարգացման դրամատունը նոյնպէս մեծ վարկատուներէն է։

Իսկ երկկողմանի վարկային ծրագիրներու համար, Հայաստանի վարկատուներն են ԱՄՆը, Գերմանիան, Ֆրանսան, Ճափոնը, Ռուսիան, Ապու Տապիի Զարգացման հիմնադրամը եւ Չինաստանի Ներմուծման-արտահանման դրամատունը։

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ