Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՍՈՒՐԻԱ. Միացեալ Նահանգները զէնքով բեռնաւորուած 130 բեռնատար յանձնած է սուրիացի քիւրտերուն՝ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարելու համար։ ԱՄՆի այս քայլը յարուցած է Անքարայի դժգոհութիւնը։

ԱՄՆ. Նախագահ Թրամփ խստօրէն բարկացած է, երբ իմացած է, որ հետաքննութեան տակ  կը գտնուի անձնապէս՝ FBI-ի նախկին ղեկավար Ճէյմս Քոմին աշխատանքէ արձակելուն պատճառով։ Թրամփ այս մէկը իր դէմ դաւադրութիւն որակած է։ Ան այս հարցով կը մեղադրէ գլխաւոր դատախազի տեղակալ Ռոտ Ռոզենստայնը եւ յատուկ հարցերով դատախազ Ռոպերթ Միւլլըրը։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Թուրքիոյ եւ ԱՄՆի միջեւ հարցը կը լրջանայ կապուած նախագահ Էրտողանի թիկնապահներուն «յարձակումներուն» հետ՝ Ուաշինկթընի մէջ, որոնք ծեծած էին հայ, քիւրտ եւ եզտի ցուցարարներ։ Էրտողան վրդովուած է, որ ԱՄՆի իշխանութիւնները մեղադրանք ներկայացուցած են թիկնապահներուն հանդէպ։

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. 87 տարեկան հասակին անցեալ շաբաթ մահացաւ Գերմանիոյ նախկին ղեկավար Հելմութ Քոլը։ Ան Գերմանիոյ վերամիաւորման ճարտարապետներէն մէկն է։ 1982-1998՝ 16 տարի գլխաւորած է Գերմանիոյ կառավարութիւնը, միացնելով երկիրը եւ քանդելով Պերլինի պատը։

ԱՆԳԼԻԱ. Լոնտոնի մէջ, 24 յարկանի շէնքին Յունիս 14ի հրդեհին զոհերուն թիւը հասած է 79ի։ Պետութիւնը 5,500ական սթերլինկ սկսած է վճարել իւրաքանչիւր տուժածի՝ արտակարգ իրավիճակներու պետական հիմնադրամէն։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ