Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռուսիա կը դադրեցնէ գործակցութիւնը ԱՄՆի հետ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը դադրեցուց ԱՄՆի հետ գործակցութիւնը Սուրիոյ օդային տարածքին հետ կապուած։ Մոսկուա յայտարարեց, որ այսուհետեւ Եփրատէն արեւմուտք ինկած տարածքները պիտի վերահսկէ Ռուսիա։ Ան այս քայլին դիմեց սուրիական Սու-22 ռմբակոծիչի ոչնչացումէն ետք, որ կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ։

Ամերիկեան կողմը կ՚ըսէ, թէ սուրիական օդանաւը ոչնչացուցած է, որովհետեւ ռումբեր կը նետէր Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերուն դիրքերուն վրայ, որոնք Ուաշինկթընի դաշնակից են։ Իսկ միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Սուրիոյ «հողին» վրայ բոլոր գործողութիւնները պէտք է համաձայնեցուին Դամասկոսի հետ։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ