Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԹՈՒՐՔԻԱ. Նախագահ Էրտողան ուշքը կորսնցուցած է Ռամատանի աւարտին նուիրուած աղօթքի ժամանակ Իսթանպուլի մզկիթներէն մէկուն մէջ։ Անոր մարմնին շաքարի մակարդարը յանկարծակի բարձրացած է եւ կորսնցուցած է գիտակցութիւնը։ Բժիշկներու միջամտութենէն ետք ան ինքզինք վերագտած է։

ԻՐԱՔ. Ֆրանսացի լրագրող Վերոնիք Ռոպէրը մահացած է Մոսուլ քաղաքին մէջ պայթիւնէ մը ետք՝ ստացած վնասուածքներուն որպէս արդիւնք։ Ռոպէր մահացած է Փարիզի զինուորական հիւանդանոցին մէջ։ Ան կ՚աշխատակցէր ֆրանսական հեռատեսիլին։ Դէպքը պատահած էր Յունիս 19ին, որուն զոհ դարձած էին անոր գործընկեր Սթեֆան Վիլնեւը եւ քիւրտ լրագրող Պախթիար  Ատտատը։ Վիրաւորուած էր ֆրանսացի այլ լրագրող մը՝ Սամուէլ Ֆորէն։

ՍՈՒՐԻԱ. Թրքական զօրքեր պիտի տեղակայուին Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ, վերահսկելով  50 մղոն երկարութեամբ եւ 25 մղոն լայնութեամբ տարածաշրջան մը։ Եթէ հաստատուի այս, կրնայ ըլլալ որ ռուսական ուժեր ալ միանան անոնց։ Այս մասին որոշում պիտի տրուի Յուլիսին՝ Ասթանայի մէջ։

ՔԱԹԱՐ. Քաթար հաստատեց, որ ստացած է արաբական չորս երկիրներու ներկայացուցած 13 պահանջքները։ Պաշտօնական Տոհայի կարծիքով, այդ կէտերը խելամիտ չեն եւ անիրագորելի։ Յիշենք, թէ Պարսից ծոցին մէջ Քաթարը շրջափակելու ծրագիրին չեն միացած Օմանն ու Քուէյթը։

ՔԻՒՐՏԻՍԱՆ. Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Շանլըուրֆայի (պատմ. Եդեսիա, Ուրֆա) բնակչութեան հետ զրոյցի պահուն ըսած է, որ անթոյլատրելի է, որ քիւրտեր Թուրքիայէն դէպի արեւելք, Սուրիոյ հիւսիսը նոր պետութիւն ստեղծեն։

ՉԻՆԱՍՏԱՆ. Չինաստանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Սիչուան նահանգին մէջ, սողանքի հետեւանքով աւելի քան հարիւր մարդ անհետ կորսուած է։ Աղէտին պատճառով աւելի քան 40 տուն մնացած է հողին տակ։ Սողանքը կտրած է նաեւ գիւղին մէջէն անցնող գետին ընթացքը։

ԱՄՆ. Փոխնախագահ Մայք Փենս զգուշացուցած է, թէ Հիւսիսային Քորէայի հետ «ռազմավարական համբերութեան դարաշրջանը» աւարտուած է։ Ան ելոյթ կ՚ունենար Ուաշինկթընի Ուիլսըն կեդրոնին մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ