Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը ստորագրեց ամերիկահայութեան Թանգարանին 3 միլիոն տոլար յատկացնող ամավարկը

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն Յունիս 27ին ստորագրեց 2017-2018 տարեշրջանի նահանգային ամավարկը, որուն մէջ կայ նաեւ յառաջիկայ երեք տարիներուն ամերիկահայութեան թանգարանին մէկական միլիոն տոլար յատկացնելու որոշումը, սոյն թանգարանին ցարդ խոստացուած նահանգային իշխանութեանց հատուցումներու գումարը հասցնելով 4 միլիոն տոլարի։

«Ուրախ ենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց հետ ուս-ուսի տուած՝ կը կառուցենք մշակութային եւ դաստիարակչական ու պատմականօրէն կարեւոր այս կեդրոնը, որ արժանի կերպով պիտի մեծարէ մեր հարուստ պատմութիւնը եւ նահանգին բազմազան մշակոյթները», կը յայտնէ ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան:

«Յատկապէս երախտապարտ ենք Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին, նախագահ Քեւըն Տէ Լիոնին եւ Ամավարկի ենթայանձնախումբի ատենապետ Ռիչըրտ Ռաթին, որոնք առաջնահերթութիւն տուին այս գումարը ապահովելու ջանքին», կ՚աւելցնէ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ Յովնան Արք. Տէրտէրեան:

Յիշեցնենք, որ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին երեք միլիոն տոլար յատկացնելու առաջարկը Յունիս 15ին վաւերացուած էր Քալիֆորնիա նահանգի Օրէնսդիր մարմինին կողմէ։

Նշենք, որ նահանգին 2016-2017ի ամավարկին մէջ 1 միլիոն տոլար յատկացուած էր թանգարանին, շնորհիւ գլխաւորաբար նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի ջանքերուն։ Անոր նեցուկ կանգնած էին Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Քեւըն Տէ Լիոն եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Էնթընի Ռենտըն։ Հակառակ անոր, որ այդ գումարին յանձնումը սառեցուած էր նահանգապետին կողմէ, անիկա վերահաստատուեցաւ աւելի ուշ՝ Մայիսին, նահանգային խորհրդարանի անդամ եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Լորա Ֆրիտմընի գլխաւորութեամբ տարուած ջանքերուն շնորհիւ։

«Ամերիկահայութեան թանգարանին ցուցաբերուած Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութեանց այս աջակցութիւնը ամուր հիմերու վրայ կը դնէ այս ծարգիրը, որմէ մեծապէս պիտի օգտուին ապագայ սերունդները», կը շեշտէ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան։

Թանգարանի պաշտօնատարները կը շարունակեն մօտէն գործակցիլ Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնատարներուն հետ, այս ծրագիրի մշակումը հասցնելու համար իր վերջնական վիճակին:

«Կլենտէյլի սիրտին մէջ այս տպաւորիչ կեդրոնը կառուցելու համար մեր գործակցութիւնը պիտի շարունակենք Կլենտէյլ քաղաքի իշխանութեան հետ», կը յայտնէ Ամերիկահայութեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ Վեր. Պերճ Ճամպազեան։

«Ալաճաճեան Մարքուզի» հիմնարկին կողմէ պատրաստուած ծրագիրին նախագիծը անցեալ Դեկտեմբերին ներկայացուած էր հանրութեան։ Զայն կարելի է տեսնել՝ այցելելով ArmenianAmericanMuseum.org կայքը։

Ամերիկահայութեան թանգարանի գլխաւոր նպատակն է ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով՝ փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել:

Թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական 10 կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւնը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (844) 586-4626 թիւին:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ