Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ծննդեան 80 եւ գործունէութեան 60ամեակ Հենրիկ Անասեանի

Կլենտէյլի Հայ Սքուլի սրահին մէջ, Կիրակի, Յունիս 25ին տեղի ունեցաւ հանրայայտ եւ սիրուած արուեստագէտ, երգահան, արձակագիր եւ հրապարակագիր Հենրիկ Անասեանի յոբելենական երեկոն, բարձր հովանաւորութեամբ ՀՀ Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսութեան, կազմակերպութեամբ մշակութային միութիւններու, կատարողութեամբ «Սիփան» երգչախումբի եւ սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ ներկայութեամբ հարիւրաւոր հայրենակիցներու։ Հանդիսութիւնը, որ նուիրուած էր տաղանդաշատ Անասեանի ծննդեան 80րդ տարեդարձին եւ ստեղծագործական-կատարողական գործունէութեան 60ամեակին, առիթ հանդիսացած էր, որպէսզի ամբողջ երկու ժամ հնչեն յոբելեարին ստեղծագործութիւնները՝ նուագ, խօսք եւ երգ։

Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արմէն Անասեան, Արամ Անասեան, Անահիտ Ներսիսեան, Մարալ Բարսեղեան, Սալբի Մայիլեան, Պապին Պօղոսեան, Ռուբէն Յարութիւնեան եւ հանդիսավար Յարութիւն Ֆոդուլեան։

Այս առիթով լոյս տեսած էր յատուկ գրքոյկ մը։

Հանդիսութիւնը բացաւ Տիար Յակոբ Յովհաննիսեան, որ գլխաւոր մղիչ ուժն էր ծրագրելու եւ մեծ յաջողութեամբ պսակելու Անասեանի յոբելենական այդ երեկոն։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց հիւպատոս Տիար Վալերի Մկրտումեան։ Կլենտէյլի Քաղաքային Խորհուրդին կողմէ խօսք՝ խորհուրդի անդամ Տիար Վրէժ Աղաջանեան։ Երգչախումբի վարչութեան խօսք՝ Տիար Ռաֆֆի Թորոսեան։ Շնորհակալական խօսք՝ մայէսթրօ Հենրիկ Անասեան։

«Սիփան» երգչախումբը 38 տարեկան է այսօր, հիմնադրուած Հենրիկ Անասեանի կողմէ, որ բարձրօրէն կը շարունակէ հայ երգը տարածել այս ափերուն վրայ։

Կը շնորհաւորենք մայէսթրօ Հենրիկ Անասեանը, մաղթելով արեւշատութիւն եւ ստեղծագործական նոր  պոռթկումներ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ