Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի 2016-2017 տարեշրջանի հունձքը

Հայ Քոյրերու Վարժարանը այս տարի եւս յաջողութեամբ ամբողջացուց իր ծրագիրներն ու յայտագրերը, հաւատարիմ մնալով Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նշանաբանին՝ դաստիարակել հայ մանուկն ու պատանին ջամբելով հայեցի կրթութիւն եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Ուսումնական իւրաքանչիւր տարուան աւարտին վարժարանի երեք դասարաններու` Մանկապարտէզի, Նախակթարանի՝ հինգերորդ եւ Միջնակարգի՝ ութերորդ  աշակերտները իրենց շրջանի աւարտին կը ստանան համապատասխան վկայագրեր յատուկ հանդիսութեամբ:

 

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

11 Յունիս 2017ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Մանկապարտէզի հանդէսը վարժարանիս Դանիէլեան սրահին մէջ, ներկայութեամբ վարժարանիս Առաքինազարդ Քոյրերուն, հիւրերու, ծնողներու, մեծ ծնողներու եւ  ուսուցիչներու: Հանդիսութիւնը սկսաւ Մանկապարտէզի Տնօրէնուհի՝ Սոնա Գազանճեանի բարի գալուստի խօսքով։ Ան ծնողներուն ներկայացուց անոնց զաւակներուն կատարելագործած տարեկան ծրագիրները եւ հաստատեց, որ անոնք՝ այսօրուան վկայեալները արդէն իսկ պատրաստ են երթալու նախակրթարանի առաջին դասարան:

Հանդէսը խանդավառ էր ու հոգեպարար, նուիրուած  Հայաստանի, Արցախի եւ Հայոց Բանակի 25ամեակին: Այդ խորագրին տակ  մանկապարտէզի փոքրերը ներկայացուցին Սիրուշոյի «Զարթօնք»ը ընկերակցութեամբ հայկական մարտական պարերու, առաւել «Հայ Արեւ» երգախառն պարը։ Շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները մեծ գոհունակութեամբ, անոնք արդէն իսկ անցան նախակրթարան փակելով մանկական աշխարհի դռները:

Տնօրէնուհի Քոյր Լուսիա հանդիսութիւնը փակեց շնորհաւորելով բոլոր ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ուսուցիչներուն, որոնց հետեւողական աշխատանքին արդիւնքն էր  այս եզակի հանդիսութիւնը:

Կը շնորհաւորենք բոլոր վկայեալները եւ բարի երթ կը մաղթենք իրենց:

 

ՆԱԽԱԿՐԹՐԱՐԱՆ

Հինգերորդ դասարանի աշակերտները դպրոցական  վերջին  օրը  22 Յունիս 2017ին ստացան իրենց վկայագրերը. անոնք պաշտօնական հանդէսի պատմուճաններով մուտք գործեցին սրահ, եւ բեմահարթակին վրայ  հանգամանօրէն իրենց տեղերը գրաւելով երգեցին ու արտասանեցին հայոց լեզուի նուիրուած երգեր, ոտանաւորներ եւ պանծացուցին հայ լեզուն ու հայրենիքի սէրը հպարտութեան զգացումով լեցնելով ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն հոգիները։ Օրուան պատգամը փոխանցեց իրենց դաստիարակը՝ Կարէն Սանթիկեան:

Ուրախութիւնը ամէնուր էր. վկայեալները իրենց նախակրթարանի շրջանը աւարտելու գոհունակութիւնն ու միջնակարգ բարձրանալու մեծ երազով հատեցին կարկանդակը ու մեկնեցան:

Կը շնորհաւորենք վկայեալները, որոնք տակաւին միջնակարգի երեք տարիները պիտի մնան վարժարանէն ներս, եւ կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն:

 

ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ

Ութերորդ դասարանի պարագային, հանդէսի նախօրեակին՝ Կիրակի, 4 Յունիս 2017ին անոնք ունեցան իրենց վերջին աշակերտական պատարագը՝ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ. օրուան պատարագիչն էր Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան (Առաջնորդ հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի Կաթողիկէ Հայոց): Աշակերտները Աւետարանի ընթերցուածներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Պատարագին՝ որ երկլեզու ընթերցեցին Սէրլի Էքմէքճեան եւ Իզապէլլա Խաչիկեան. սրտի խօսքերով՝  Նարէ Թէրզեան եւ Մէրի Զաքքօ, ուրիշներ  խնդրանքներ վեր առաքելով եւ  խաղաղութեան ողջոյն բաշխելով հաւատացեալներուն, այսպիսով անոնք  խռստացան հաւատարիմ մնալ Քրիստոնէական կրօնքին եւ որպէս հայ քրիստոնեայ շարունակել իրենց ճամբան հետեւելով իրենց նախահայրերու աւանդին:

Օրուան պատարագիչը իր դաստիարակիչ քարոզով զիրենք յորդորեց ըլլալ պատուաբեր հայ քրիստոնեաներ եւ լաւ քաղաքացիներ։ Պատարագի աւարտին, աշակերտներ, ծնողներ, հիւրեր եւ համայն հաւատացեալներ հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ սրահըին մէջ:

***

Կիրակի, Յունիս 11ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ աւարտական հանդէսը Վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահէն ներս, ուր մեծ թիւով ծնողներ, հիւրեր վարժարանիս առաքինազարդ Քոյրերը եւ ուսուցչական կազմը, բոլորը ներկայ էին վերջին հրաժեշտը տալու վկայուող 21 աշակերտ-աշակերտուհիներուն:

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ, երբ իրենց վկայականի պատմուճաններով եւ ծնողներու ծոփողջոյններով հպարտօրէն մուտք գործեցին սրահ եւ բեմահարթակին վրայ շարուելով Տէրունական աղօթքով սկսան հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց զոյգ քայլերգներու մեկնաբանութիւնը եւ այսպիսով ընթացք առաւ ութերորդ դասարանի Հայ ՔոյրերուՎարժարանէն ներս տասնմէկամեայ իրենց ուսումնական կեանքին վերջին արարը: Տեղի ունեցան պաշտօնական խօսքեր անգլերէն եւ հայերէն՝ ներկայացուած Տնօրէնուհի Առաքինազարդ Քոյր Լուսիայի եւ դաստիարակներ՝ Լինտա Գանտիլեանի եւ Ուիլիամ Պասէթի կողմէ, իսկ աշակերտութեան խօսքը ներկայացուց անգլերէն՝ Անի Ժամկոչեան եւ Նիքօլ Քրաճեան, իսկ հայերէն ուղերձը կարդաց Լարա Քսաճիքեան:

Օրուան հիւր պատգամաբերն էր վարժարանի շրջանաւարտներէն բժշկուհի Գարոլին Թաշճեան։ Ան վեյիշելով իր աշակերտական յիշատակները եւ օրինակներ տալով անոնցմէ յորդորեց աշակերտները ըսելով, որ «… Յաջողութիւնը կը սկսի այս վարժարանի գրասեղաններէն, ինչպէս որ ես իմ յաջողութիւնս կը պարտիմ Հայ Քոյրերու Վարժարանին….»:

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ երկլեզու խմբերգներով, որուն դաշնամուրի վրայ կ’ընկերակցէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեան: Յայտագիրը ճոխացաւ Դալար Մարգարեանի դաշնամուրի մատուցումով, ապա  չորս աշակերտուհիներ Մելօտի Սերայտարեան, Դալար Մարգարեան, Նարէ Թերզեան եւ Մէրի Զաքքօ իրենց ուուցիչ Կարէն Սանթիկեանի հետ ներկայացուցին “Houre Of the Rising Sun”  երգը կիթարի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ:

Նախագահական մրցանակներ ստացողներուն կողմէ խօսք առաւ Ալեք Մարգարեան, իսկ աշակերտական խորհուրդի ատենապետուհին՝ Դալար Մարգարեան ներկայացուց խորհուրդին տարեկան տեղեկագիրը:

Հանդիսութեան աւարտին շրջանաւարտները իրենց վկայականները եւ նուէրները ստանձնելէ ետք, Տիկին Արմինէ Շէրիկեան յայտարարեց 2017 տարուան աւարտական դասարանը՝ Հայ Քոյրերու Վարժարանի 2017ի Շրջանաւարտներ, ներկաներու ուրախութեան արտայայտութիւններու մթնոլորտին մէջ, աշակերտները մէկ կողմ նետելով իրենց գլխարկները հեռացան սրահէն… երգելով «Վերջին զանգը» եւ հնչեցնելով վերջին անգամ դպրոցին զանգը: Այսպիսով, Հայ Քոյրերու Վարժարանը պատրաստուած հունձք մը եւս  յանձնեց իրենց ծնողներուն եւ Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին, որոնք եկան աւելնալու վարժարանի շրջանաւարտներու հոյլին:

Կը շնորհաւորենք եւ կը գնահատենք բոլոր ծնողները, որոնք իրենց ջանքերով եւ զոհողութիւններով իրականութիւն դարձուցին իրենց հոգեհատորներում հայկական միջնակարգ վարժարանէ վկայուելու առիթը, նաեւ ուսուցիչներուն, որոնք համագործակցաբար ծնողներուն անգամ մը եւս կրցան պատրաստուած խումբ մը հայորդիներու սլացք տալ դէպի տարբեր երկրորդական վարժարաններ:

Երեկոն շարունակուեցաւ շքեղօրէն զարդարուած «Ռէնէսանս» ճաշասրահէն ներս մինչեւ ուշ ժամեր,  ուր անոնք հատեցին իրենց 11 տարիներու աշխատանքը ներկայացնող կարկանդակը եւ ապրեցան արդարօրէն իրենց իրաւունքը եղող յաջողութեան երջանկութիւնը:

Կը շնորհաւորենք բոլոր շրջանաւարտները, կը մաղթենք բարի երթ ու նորանոր նուաճումներ յառաջիկայ ուսումնական տարիներու ընթացքին:

 

 

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ