Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Զրոյց՝ ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի հետ

«Մենք կը հաւատանք, որ ՀԲԸՄի գոյատեւումը կու գայ իր երիտասարդական շարժումներէն»

 

Օրերս Լոս Անճելըս կը գտնուին Տէր եւ Տիկ. Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեանները՝ Պէյրութէն։ Այս ամոլը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան մէջ թրծուած տիպար միութենականներ են, որոնց զաւակները նոյնպէս կ՚ընթանան նոյն ուղիէն։ Վիգէն Չերչեան ներկայիս ատենապետն է Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ անդամ՝ ՀԲԸՄի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին. պատասխանատու երկու պաշտօններ, որոնց արժանացած է իր ջանադիր աշխատանքին եւ համեստութեան շնորհիւ։ Անցեալ տարի, երբ Պէյրութի մէջ փառաւոր կերպով նշուեցաւ ՀԲԸՄի 110 եւ ՀԵԸի 85ամեակները ներկայութեամբ Միութեան նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի, հոն իր անմնացորդ նուիրումը ունէր Վէգէն Չերչեան։ Այդ առիթով լոյս տեսած ալպոմը եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի 2014-2015 Տեղեկատուն շօշափելի վկաներն են Վիգէն Չերչեանի գլխաւորութեամբ կատարուած աշխատանքներուն Լիբանանի մէջ։

Օգտուելով Լոս Անճելըս կատարած այցելութենէն, հետեւեալ մտերմիկ զրոյցը ունեցանք թերթիս բարեկամ եւ նոյնպէս երկար տարիներու ՀԵԸական՝ Լեւոն եւ Հուրի Քէշիշեաններու հիւրընկալ յարկին տակ։ Նշենք նաեւ, որ ան զբաղմունքով գործարար է, ազատ ձեռնարկատէր, ունի առեւտրական իր հաստատութիւնը։

«Նոր Օր» – Բարի գալուստ Լոս Անճելըս Պրն. Չերչեան։  Խնդրեմ, քանի մը խօսք ձեր մասին։

Վ. Չերչեան – Ծնած եմ Պէյրութ։ Յաճախած եմ ՀԲԸՄի Տեմիրճեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանները, դպրոցական տարիքէն բնականաբար անդամագրուելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ 1968ին միացած եմ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Զարեհ Նուպար մասնաճիւղի սկաուտական շարժումին, որմէ ետք եղած եմ խմբապետ եւ ընդհանուր խմբապետ «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ապա՝ 1980ին ստանձնած եմ Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական շարժումը, օժանդակելով անոր զօրացման։ Հոն, տարի մը ետք դարձայ ՀԵԸի Գործադիր վարչութեան ատենապետ, որմէ ետք աշխատանքս կեդրոնացաւ մարզական կեանքէն ներս։ Նշեմ, որ Լիբանանեան Սկաուտութենէն ներս վարած եմ պատասխանատու պաշտօններ, իսկ պասքէթպոլի Լիբանանի ֆետերասիոնի մէջ ծառայեցի քսան երկար տարիներ։ Յետագային մաս կազմեցի ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան որպէս անդամ, ապա՝ փոխատենապետ եւ Սեպտեմբեր 2012էն ի վեր ատենապետն եմ ՀԵԸի Կեդրոնական Վարչութեան։

«Նոր Օր» – Այսօր ինչպիսի՞ յաջողութիւններ կ՚արձանագրուին ՀԵԸի կառոյցէն ներս։ Պասքէթպոլ, սկաուտութիւն, մշակութային կեանք…

Վ. Չերչեան – ՀԵԸի կառոյցէն ներս կը գործեն բազմաթիւ խումբեր։ Դուք յիշեցիք պասքէթպոլը, սակայն միայն պասքէթպոլի խումբերով չէ որ մենք հպարտ ենք, այլ այսօր  450 թէքուանտոյի մարզիկներ ունինք (վերջերս Կարմիր գօտիի Լիբանանի ախոյեան հանդիսացաւ ՀԵԸը), ճատրակի գծով քանի տարի է, որ աւարտական հանգրուան կը հասնինք, փինկ-փոնկի մեր աղջիկները եւ տղաքը Լիբանանի ախոյեաններ են։ Այո, մարզական շարժումը շատ մեծ թափ ունի ՀԵԸէն ներս։ Բայց աւելի կենսունակ է սկաուտական շարժումը, որ իր զոյգ մասնաճիւղերով՝ Անդրանիկ-Սեւան եւ Անդրանիկ Անթիլիաս, 600-650 հոգի կը հաշուէ։ Ունինք նաեւ սկաուտական փողերախումբը՝ աւելի քան յիսուն մասնակիցներով, որոնք երեք մասնագէտ ուսուցիչներու հսկողութեան տակ, նոթաներով կը հետեւին աշխատանքին։

Մշակութային գետնի վրայ նոյնպէս կը տանինք մեծ աշխատանք։ «Արին» պարախումբը կը բաղկանայ 180 հոգիէ, անոնք տարեկան երկու մեծ ելոյթներ կ՚ունենան՝ մեծերը եւ փոքրերը։ Կը գործէ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը։ Ունինք նաեւ Կրտսերաց վարչութիւնը՝ դպրոցական տարիքի եւ Համալսարանական համախմբումը եւ ՀԵԸի երիտասարդաց շարժումը, որ յետ համալսարանականներու համար նախատեսուած է։

«Նոր Օր» – ՀԵԸը ՀԲԸՄի երիտասարդական թեւն է։ Ինչպէ՞ս է փոխյարաբերութիւնը երկուքին միջեւ։

Վ. Չերչեան – ՀԵԸը միշտ ՀԲԸՄի հովանիին տակ կը գործէ։ ՀԵԸը պէտք է ամէն ձեւով օժանդակէ ՀԲԸՄի ծրագիրներուն։ Օրինակ, “AGBU Focus 2017”-ն այս տարի Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունենայ, եւ ՀԵԸականներ այնտեղ են, կատարելու համար նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները։

Նոյնպէս շատ լաւ յարաբերութեան մէջ ենք ՀԲԸՄի դպրոցներուն հետ, բայց օրինակ, մեր սկաուտական շարժման մէջ բոլոր դպրոցներէն անդամ ունինք, հայկական եւ ոչ-հայկական։ Նաեւ ունինք Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն հայերէնի մասնաւոր դասեր ոչ-հայկական վարժարաններ յաճախող մեր հայրենակիցներու զաւակներուն համար։

Մենք կը հաւատանք, որ ՀԲԸՄի գոյատեւումը կու գայ իր երիտասարդական շարժումներէն։ Այսինքն, 4-5 տարեկան փոքրիկը երբ կը միանայ սկաուտական շարժումին կամ պարախումբին, սիրելով հայ մշակոյթը, միեւնոյն ժամանակ կը կապուի հայկականութեան, հայ մեծնալուն, Հայաստանին հաւատալուն, Հայաստանեայց Եկեղեցիին կապուելուն, որոնք ՀԲԸՄի գաղափարաբանութեան հիմքն են։

«Նոր Օր» – Եկէք քիչ մը ընդարձակուինք եւ խօսինք գաղութներու միջեւ կապին մասին։

Վ. Չերչեան – ՀԵԸի Նաւասարդեան խաղերը Լիբանանի մէջ սկսած են, ինչպէս գիտէք։ Ապա, տարբեր ընդմիջումներով տեղի ունեցան տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ հոս՝ Լոս Անճելըս, 1992ին։ Դժբախտաբար վերջին անգամ չկրցանք մասնակցիլ այստեղի խաղերուն։ Պէտք է որ շարունակուին, ինչու չէ Հայաստանի մէջ, ինչպէս որ ՀԵԸի սկաուտները ամէն տարի հայրենիքի մէջ հաւաք կը կազմակերպեն, մարզականն ալ պէտք է ընէ Բարեգործականի հովանիին տակ, անկախ Համահայկական խաղերէն։

Այս տարի 10ամեակն է «Անդրանիկ» բանակավայրին Հայաստանի մէջ, ուր սկաուտներ պիտի հաւաքուին Յուլիս 9-23 (Լիբանանէն 33 հոգի պիտի մասնակցի)։ Անցեալ տարի Քալիֆորնիա մեծ խումբով մասնակցած էր այդ բանակումին։ Երկրորդ բանակում մը՝ Երեւանի սկաուտական շարժումը կը կազմակերպէ, Հայաստանի եւ Վրաստանի խումբերուն մասնակցութեամբ։

Կարելիութիւնը կայ, որպէսզի մարզական մեր խումբերն ալ երկու տարին մէկ Հայաստան հաւաքուին, իրարու քով գան, իրարու հետ մրցին եւ կապը ամրացնեն իրարու միջեւ։

«Նոր Օր» – Շնորհակալութիւն Պրն. Չերչեան այս զրոյցին համար եւ յիշեցնենք բոլոր միութենականներուն, որ Ուրբաթ, Յուլիս 7ի երեկոյեան, Փասատինայի ՀԲԸՄի Վ. եւ Թ. Մանուկեան կեդրոնի Պարտէզին մէջ տեղի պիտի ունենայ ջերմիկ հանդիպում Տէր եւ Տիկ. Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեաններուն հետ։

Վ. Չերչեան – Շնորհակալութիւն ձեզի եւ «Նոր Օր»ին։ Յաջողութիւն կը մաղթեմ թերթին աշխատանքներուն։

 

Զրուցեց՝ Հ. ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ