Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Բժշկական Համաշխարհային (AMWC) 12րդ համագումարին առիթով հարցազրոյց՝ Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի հետ

Մայիս 31 – Յունիս 2, 2017, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ հայ բժշկագիտական համագումարը, որուն ներկայ եղան աշխարհի զանազան երկիրներէ 660է աւելի հայ բժշկական եւ առողջապահական ասպարէզի մէջ գործող հայեր: Այդ համագումարին մէջ տրուեցան 100է աւելի զեկոյցներ:

Լոս Անճելըսէն ներկայ էին առողջապահութեան մասնագէտ անձնաւորութիւններ՝ Վարդան Թաշճեան, Պետրոս Գոճեան, Սիլվա Կարճիքեան, Վիգէն Սեփիլեան, Սիմոն Քէօշկէրեան եւ Ծովինար Թէքքէլեան-Քէօշկէրեան, Ճոնի Ահարոնեան, Կարօ Դերձակեան, Շանթ Շխրտըմեան, Պենօ Ներսէսեան, Վաղարշակ Փիլոսեան, Ռաֆֆի Թաշճեան: Բուժքոյրեր՝ Սալբի Ագարակեան, Զարմինէ Նագգաշեան, Ռոզին Տէր Դաւիթեան, Քրիստին Օկանեան եւ ուրիշներ:

Այդ առիթով, մեր աւագ աշխատակիցներէն Խաչիկ Ճանոյեանի բացառիկ հարցազրոյցը՝ բժիշկ, գրող եւ հասարակական գործիչ Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի։

 

 Խ. Ճանոյեան. Տոքթոր, վերջերս Արժանթինի մէջ տեղի ունեցաւ հայ բժիշկներու համաշխարհային համագումարը.կրնայի՞ք այդ մասին պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ տալ։

Տոքթ. Թաշճեան. 1974ին, Լիբանանի Հայ Բժշկական Միութիւնը, ատենապետութեամբ Տոքթ. Յակոբ Գըրքեաշարեանի կազմակերպեց համահայկական բժշկական միջազգային առաջին համագումարը՝ Լիբանանէն եւ Սփիւռքէն մօտ 200 բժիշկներու մասնակցութեամբ: Ժողովի աւարտին կը հիմնուէր հայկական բժշկական համաշխարհային ընկերակցութիւնը (Armenian Medical World Association), որ անյապաղ կը վաւերագրուէր Լիբանանի պետութեան կողմէ որպէս ոչ-հասութաբեր բարեսիրական կազմակերպութիւն: Այդ համագումարին ստեղծած վարակիչ խանդավառութենէն կը ծնէին կամ կը վերաշխուժանային հայկական բժշկագիտական ընկերակցութիւններ: Այդպէսով կարելի կ՚ըլլար շարունակել նոյնանուն համագումարներու կայացումը Սփիւռքի զանազան հայագաղութներուն մէջ. Վենետիկ՝ 1980ին, Մոնթրէալ՝ 1984ին, Փարիզ՝ 1992ին, Պոսթոն՝ 1995ին, Լիոն՝ 1998ին, Թորոնթօ՝ 2001ին, Սան Ֆրանսիսքօ՝ 2005ին, Լոս Անճելըս՝ 2013ին եւ Պուէնոս Այրէս՝ 2017ին:

1990ին Մոնթրէալի մէջ հիմնուեցաւ հայկական բժշկական միջազգային վարչութիւնը (Armenian Medical International Committee – AMIC), որ այդ թուականէն ի վեր կը սատարէ համագումարներու կազմակերպումին առողջապահական ընկերակցութիւններու հետ:

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 2003էն սկսեալ նոյնանման համագումարներ կայացան Երեւանի մէջ, եւ հիմա, երկու տարին անգամ մը կը շարունակուին փոխն ի փոխ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

12րդ համագումարի կազմակերպողներն էին՝ առաջին՝ PLAS –  Լատին Ամերիկայի առողջապահութեան հայ արհեստավարժներ: Երկրորդ՝ FUNCEI – Ստամպուլեան Հիմնարկ, երրորդ՝ FIDEC  ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն, հաստատուած ԱՄՆի մէջ եւ վերջապէս՝ AMIC:

Համագումարի նախագահն էր արժանթինահայ մեծանուն բժիշկ Տոքթ. Տանիէլ Ստամպուլեան, որ կատարեց բացման խօսքը։ Մասնակից հիւրերն ու պատգամախօսներն էին՝ Հրանուշ Յակոբեան (Սփիւռքի նախարարուհի), որ շեշտը դրաւ հաւատքի, յոյսի,  սիրոյ վրայ, Սերգէյ Խաչատրեան (Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ), Ճէրի Մանուկեան (AMICի նախկին ատենապետ), Յակոբ Գըրքեաշարեան (առաջին համագումարի նախագահ), Վարդան Թաշճեան (առաջին համագումարի հիմնադիր), Վիգէն Սեփիլեան (AMICի ներկայ ատենապետ) եւ  Գիսակ Արք. Մուրատեան (Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց առաջնորդ)։

 

Խ. Ճանոյեան. Ինչպէ՞ս էր ընդունելութիւնը:

Տոքթ. Թաշճեան. Ազնիւ ու ջերմ, թէ՛ պետական եւ թէ՛ ոչ-պետական առումներով: Արժանթինի պետութիւնը կը ներկայացնէր Առողջապահութեան նախարար Լեմոս Խորխէն եւ Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետ՝ Լարեթա Հորասիօ։

 

Խ. Ճանոյեան Քանի՞ հոգի կը մասնակցէր համագումարին եւ որո՞նք էին արծարծուած հարցերը:

Տոքթ. Թաշճեան. Հակիրճ գնահատումով ըսեմ, որ 660 արձանագրուածներ կային: Եղան 100-110 զեկուցողներ, շուրջ 50ը՝ Լատին Ամերիկայէն, գլխաւորաբար Արժանթինէն: Տասը՝ Հայաստանէն, 20ը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, որոնցմէ տասն՝ Քալիֆորնիայէն, իսկ մնացեալները՝ եւրոպական երկիրներէ. Անգլիա, Ֆրանսա, Հոլանտա եւայլն: Համագումարը ընթացաւ երեք լեզուներով՝ սպաներէն, անգլերէն եւ հայերէն:

Առաջին օրուան հարցերն էին՝ ա) Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ առողջապահական վիճակը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան կրթական վիճակը: բ) Ուռուցքաբանութիւն, քաղցկեղ (Oncology): գ) Ակնաբուժութիւն (Ophthalmolog):

Նոյն գիշերը, Հիլթոն պանդոկի Աթլանթիքա սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարի գալուստի հիւրասիրութիւն մը հոծ բազմութեամբ, ճոխ ճաշկերոյթով։ Գործադրուեցաւ գեղեցիկ յայտագիր մը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մօտ Արժանթինի դեսպանը՝ Կոնզալօ Ուրիոլապենիթա։ Այս առթիւ, Տոքթ. Տանիէլ Ստամպուլեան մի քանի անձեր արծաթեայ ափսէով պարգեւատրելէ ետք, նոյնպէս պարգեւատրեց նաեւ պարոն դեսպանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելով ըսաւ, թէ Երեւանի մէջ շատ հայ բարեկամներ ունի եւ ինքզինք հայ կը զգայ: Ապա Տոքթ. Ստամպուլեան զիս ալ հրաւիրեց բեմ եւ պարգեւատրեց: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, Քալիֆորնիոյ մէջ մեքսիքացի հիւանդներէս սորված սպաներէնովս շեշտեցի, թէ բոլորս մարդկային էակներ ենք, բոլորս արժանթինցի ենք, բոլորս հայ ենք։

Ժողովը հեզասահ կերպով շարունակուեցաւ յաջորդ երկու օրերու ընթացքին, մանրակրկիտօրէն պատրաստուած յայտագրով: Առողջապահութեան զանազան բնագաւառները ներկայացուեցան հետեւեալ կարգով. Կնոջաբանութիւն  (gynecology), սրտաբանութիւն (cardiology), արիւնաբանութիւն (hematology), ատամնաբուժութեան եւ դեղագործութեան գիտութիւններ, հոգեւոր-մտային առողջութիւն, բուժքոյրական աշխատանիստեր, մանկաբուժութիւն (rediatrics), մաշկային հիւանդութիւններ, (dermatology),  գերզգայնութիւն (allergy), ծերունաբանութիւն (gerontology), ինչպէ՞ս բարելաւել Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական խնամքը, պատկերով ախտաճանաչում (diagnostic imaging), հեռաբժշկութիւն (telemedicine), վարակիչ հիւանդութիւններ, ներքին հիւանդութիւններ, գեղձային հիւանդութիւններ (endocrinology), սննդաբանութիւն (nutrition), շաքարախտ (diabetes), սփորթային բժշկութիւն (sports medicine), ոսկրախտ (osteoporosis):

 

Խ. Ճանոյեան Ի՞նչ էր նպատակը այս համագումարին:

Տոքթ. Թաշճեան. Նպատա՞կը, առողջութեան պահպանումը եւ բարելաւումը, ինչպէս նաեւ հիւանդութիւններու կանխարգիլումն ու բուժումը լայնօրէն նկատի առնուեցան «առողջութիւն նորարարելու, ամբողջացնելու եւ յառաջացնելու մարտահրաւէրը» լոզունգով: Այս բոլորը նորագոյն գիտահետազօտական, կրթական եւ ծառայողական գիտելիքներու լոյսին տակ ներկայացուեցան, քննարկուեցան եւ դասաւորուեցան՝ հայրենիքի եւ մարդկութեան օգտակար դառնալու նպատակով: 

 

Խ. Ճանոյեան Ի՞նչ տպաւորութիւն ձգեց այս համաժողովը:

Տոքթ. Թաշճեան. Եղածը առողջապահութեան փառատօն կարելի է համարել: Տոքթ. Ստամպուլեանի եւ կազմակերպողներու համար, ինչպէս ֆրանսերէն կ՚ըսեն՝ chapeau! Հայ բժշկական 12րդ համագումարի ընդմէջէն անգամ մը եւս աշխարհին ցուցաբերուեցաւ համաշխարհային հայ մտքին գիտական փայլատակումը: Մասնակիցներուն մէջ, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն կը գտնուէին միջազգային հեղինակութիւն դարձած հայու բեկորներ՝ երիտասարդ թէ փորձառու։

Կ՚ուզեմ նշել նաեւ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ բուժքոյրերու օգտակարութիւնն ու անփոխարինելի նուիրուածութիւնը, մանաւանդ կրթական եւ ծառայողական ոլորտներու մէջ:

 

Խ. Ճանոյեան._ Տոքթոր, կ՚ուզէի՞ք քանի մը բառով խօսիլ Ամերիկայէն եւ յատկապէս Քալիֆորնիայէն մասնակցողներուն մասին:

Տոքթ. Թաշճեան. Այսպէս. 1) Ցոլինէ Գոճաօղլանեան: Հայրը՝ Գրիգոր Գոճաօղլանեան, 1950ականներուն եղած է ընկերս Թէքէեան ուսանողաց եւ Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան մէջ: 2) Ալիսիա Տեմիրճեան, հօրեղբայրը՝ Սարգիս Տեմիրճեան, 1950ական թուականներուն դասընկերս եղած է Պէյրութի Ֆրերներու դպրոցին մէջ եւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի բարերար: 3) Վիգէն Սեփիլեան, մեծ հայրը՝ Արշակ աղբար (Գալեմքերեան) եւ հայրս 1940ական թուականներուն բարեկամներ եղած են: 4) Ռաֆֆի Թաշճեան, զոր ճանչցած եմ իր ծնունդէն առաջ (Տոքթ. Ռաֆֆի Թաշճեան ատենապետն է Քալիֆորնիոյ հայ բժիշկներու միութեան, փրոֆեսըր-բժիշկ է UCLA համալսարանի մէջ եւ զաւակն է մեր շատ սիրելի Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի – Խ. Ճ.):  Վերոյիշեալ քառեակը միջազգային հեղինակութիւն ունեցող մանկաբուժութեան մասնագէտներ են, որոնք կը զբաղին 1974ին սկսած այս համագումարներու շարժումով. շարժում մը, որ դադրած է մանուկ ըլլալէ եւ դարձած է 43 տարեկան չափահաս՝ առողջապահութեան եւ, աւելի կարեւոր, միասնականութեան օրինակ:

 

Խ. Ճանոյեան. Ինչպէ՞ս աւարտեցաւ համագումարը:

Տոքթ. Թաշճեան. Համագումարը իր աւարտին հասաւ Տոքթ. Ռաճըր Օհաննէսեանի Eycare Project Armenia ծրագրին, Գարակէօզեան հաստատութեան եւ Արժանթին վաղուց հաստատուած հայերու ուղղուած յարգանքի մատուցմամբ, ինչպէս նաեւ Գիսակ Սրբազանի գնահատանքով եւ աղօթքով:

 

Խ. Ճանոյեան. Ո՞ւր պիտի կայանայ յաջորդ համագումարը:

Տոքթ. Թաշճեան. Յաջորդ համագումարը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ:

 

Խ. Ճանոյեան. Ունի՞ք վերջին խօսք:

Տոքթ. Թաշճեան. Այո՛, 43 տսրի վերջ կը վերահաստատեմ, թէ հայ ժողովուրդը աշխարհի մեծամասնութիւն համարուող ժողովուրդներու քով՝ փոքրամասնութիւն է թիւով, իսկ փոքրամասնութիւններու քով՝ մեծամասնութիւն՝ իր բնածին տաղանդով:

 

Խ. Ճանոյեան. Տոքթ. Թաշճեան խորին շնորհակալութիւն այս խիստ շահեկան զրոյցին համար: Փառք ու հազար պատիւ մեր բժիշկներուն, որոնք նման բարձունքի հասած են աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ: Ձեզի կը մաղթենք երկար եւ կենսառողջ օրեր, իսկ հայ բժիշկներուն ալ նորանոր նուաճումներ:

Ինչպէս Օմար Խայեամ ըսած է՝

«Մահուան քաշած նետին հանդէպ ամէն վահան անօգուտ է,

Արծաթի եւ ոսկիի տուած շքեղութիւնն անօգուտ է,

Կեանք ու աշխարհ որքան  մօտէն կրցայ քննել, հասկցայ թէ

Բարի գործէն զատ ամէն բան աշխարհիս մէջ անօգուտ է»:      

 

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ