Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի փոխատենապետ Պրն. Յակոբ Սեփեթճեանի խօսքը՝ արտասանուած Ողբ. Յակոբ Ճազմատարեանի յիշատակին

Սիրելի սգակիր բարեկամներ,

Դժուար է հաւատալ, որ Յակոբը մեզի հետ պիտի չըլլայ այլեւս։

Նախ եւ առաջ, պաշտօնապէս կը փոխանցեմ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ բոլոր մասնաճիւղերուն ու միաւորներուն խորազգաց ցաւակցութիւնները Յակոբ Ճազմատարեանի հարազատներուն, տիկնոջ՝ Նինային, դստեր՝ Լորային, ծնողքին եւ Յակոբը ճանչցող անոր բոլոր սգակիրներ հարազատներուն։

Յակոբ Ճազմատարեան տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ իր մասնակցութիւնը բերած է հայկական կազմակերպութիւններէ ներս, եւ մանաւանդ ՀԲԸՄէն ներս, խանդավառելով ու ոտքի հանելով իր շրջանակը։ Իր գործին հաւատացողի ոգեւորութեան կը պարտինք շատ բաներ, որոնց շնորհիւ իր անունը ոսկէ տառերով պիտի յիշուի պատմութեան մէջ։

– Յակոբ միացաւ ՀԲԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Երիտասարդական յանձնախումբին 1988ին, իր մասնակցութիւնը բերելով նաեւ Հովիտի սկաուտական շարժումին։

– 1989ին ան հիմնադիրներէն հանդիսացաւ ՀԲԸՄի Կլենտէյլի մասնաճիւղին, ուր ծառայեց որպէս սկաուտական պատասխանատու՝ Cub scout leader։

– 1991ին զինք կը տեսնենք որպէս կազմակերպիչներէն մէկը ՀԲԸՄի Հիւսիսային Ամերիկայի մարզական խաղերուն։

– Յաջորդ տարի մաս կազմեց  ՀԲԸ Միութեան Փասատինա-Կլենտէյլ  մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին։

– Ան հոն էր, ուր որ պէտք էր։ Երբ ՀԲԸՄի վոլիպոլի խումբերուն համար մրցավարի կարիքը կար, Յակոբը հոն էր, պատրաստ, արտօնագիրով՝ license-ով։

– 1999ին Յակոբը կը տեսնենք Համահայկական առաջին խաղերուն ընթացքին։ Անոր հայրենասիրութիւնը եւ նուիրումը պիտի մնան օրինակելի եւ վարակիչ։

– 2011ին, հակառակ առողջական պայմաններուն, ան իր մեծ ներդրումը ունեցաւ ՀԲԸՄի համաշխարհային խաղերուն ընթացքին։ Որպէս գանձապահ, անհաշիւ ժամեր տրամադրեց, որպէսզի կազմակերպչական մեծ աշխատանքը ըլլայ կատարեալ։

– 2012ին ստանձնեց ատենապետութիւնը Generation Next-ին։

Հայկական մեր շրջանակէն ներս ալ, ան ծանօթ ներկայութիւն էր գրեթէ ամէն տեղ, ինչպէս օրինակ՝ Armenia Fund-ին մէջ ներկայացուց ՀԲԸՄը։

– Վերջապէս, Յակոբ Ճազմատարեան, որպէս գանձապահը Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի, շարունակեց կամաւոր եւ նուիրեալ  իր աշխատանքը բերել ՀԲԸՄ-ին, «Միշտ պատրաստ» ծառայելու հայութեան՝ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի միջոցով։

***

Այո՛, հայկական կազմակերպութիւններուն ծառայելը իրեն համար միջոց եղաւ մի՛շտ, եւ ոչ նպատակ։ Որովհետեւ կը հաւատար, որ նպատակը հայն է ու Հայաստանը, իսկ մեր միութիւնները՝ միջոց, հասնելու համար մեր նպատակին՝ հայութեան եւ Հայաստանի զարգացման, բարգաւաճումին, զօրացումին. անոնք ըլլային երիտասարդական, մարզական, սկաուտական թէ այլ միջոցներով, ինք հոն էր՝ Միշտ Պատրաստ։

Սիրելի սգակիրներ,

Ահաւասիկ օրինակելի, տիպար միութենական մը, հայ մը, մարդ մը, որուն յիշատակը պիտի ապրի մեր մէջ եւ այդպիսով ալ պիտի մնայ անմահ։

Ինչպէս Պետրոս Դուրեան կ՚ըսէ.

«Երբ յիշատակս ալ թառամի,

Ախ, այն ատեն ես կը մեռնիմ»։

Յակոբ, դուն պիտի ապրիս, որքան ատեն, որ մենք կանք, հայը կայ։

Հանգի՜ստ, քու յոգնաբեկ մարմինիդ։

 

Ֆորէսթ Լոն, Հոլիվուտ Հիլզ, 3 Յուլիս 2017

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ