Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Անմոռանալի Հալէպի Ուսուցիչներէս՝ Օրիորդ Ճէմիլէն եւ մեր Առտնին Տնտեսագիտութեան դասերը

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ         

 

Հալէպի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական 9րդ,  10րդ եւ  11րդ դասարաններուն կրթական ծրագրին մաս կը կազմէր Առտնին Տնտեսագիտութեան դասընթացքները աղջիկներուն համար:  Մեր ուսուցչուհին էր Օրիորդ Ճէմիլէ Նազարեանը:

Առաջին տարին կար կարել կը սորվէինք. ան մեզի կը սորվեցնէր կաղապարով կերպասը կտրել, թելակարել, կարի մեքենայով ամրացնել, օղակ բանալ, կոճակ կարել եւ այլ մանրամասնութիւններ: Կարած ենք փոքրիկ երեխայի գիշերանոց, խոհանոցին մէջ հագնելու գոգնոց… եւլն.: Այդ օրերու յուշերը վերակենդանացնող մի քանի նմոյշ մինչեւ հիմա պահած եմ եւ հետս հասած են Նիւ Եորք:  Հոս զարմանքով ականատես եղած եմ արդուկիչի մօտ երիտասարդ տիկիններու, որոնք մէկ ձեռքին ամուսնին շապիկը եւ միւսին մէկ կոճակ բռնած կու գան արդուկիչէն խնդրելու, որ կոճակը կարուի… եւ այն ալ որոշ գումարով… անմիջապէս միտքս կ՚երթայ Օրիորդ Ճէմիլէին:

Երկրորդ տարին կը սորվէինք սեղան պատրաստելու, պնակ, պատառաքաղ, դանակ եւ դգալները պնակին որ կողմը դնել,  խմիչքի բաժակները ինչ կարգով դնել եւ ամէնէն կարեւորը՝ որպէս հիւրընկալուհի հիւրերը ինչ շարքով եւ սեղանին որ կողմը հրաւիրել նստեցնելու, ու մանաւանդ կարգ մը քաղաքավարական կանոններու մասին – օրինակ՝ բերանը գոց ծամելու, ապուր ուտելու կամ թէյ-սուրճ խմելու ատեն բերնի ձայն չհանել, սեղանին մէկ ծայրէն միւսը ձեռք չերկարել հեռուն գտնուող ճաշէն օգտուելու… եւլն.: 

Իսկ երրորդ տարին կամ երրորդ եռամսեակին, նայած որքան արագ կը վերջացնէինք ծրագիրը, կարգը կու գար սննդականոնի մասին սորվելու, ճաշատեսակներ եփելու եւ կարկանդակներ պատրաստելու արարողութիւնը: Հաճելի եւ անմոռանալի պահեր էին, որովհետեւ դասարանային խստապահանջ մթնլորտէն դուրս կ՚ըլլայինք, երբ Օրդ. Ճէմիլէին հետ էինք: Յուշերու տողանցքով կ՚արժէ դասապահ մը հոս նկարագրել:

 ***

 Դասընկերուհիներով հաւաքուած ենք մեր վարժարանին կից Հալէպի ՀԵԸի շէնքին խոհանոցը: Տղաքը կը մնային դասարանը ուրիշ ուսուցիչի հետ: Իսկ մեզի՝ աղջիկներուս համար, «Առտնին Տնտեսագիտութեան» պահը կը սկսէր կարկանդակ պատրաստելու արարողութեամբ Օրիորդ Ճէմիլէին հետ:

 Մեր դպրոցին շէնքը եւ ՀԲԸՄ եւ ՀԵԸի ակումբին շէնքն ու պարտէզը կողք-կողքի էին՝ միջանկեալ շէնքով մը բաժնուած: Վարժարանին շէնքը խոհանոց չունէր հետեւաբար խումբով կ՚երթայինք ակումբի շէնքին խոհանոցը գործածելու: Մեծ խանդավառութեամբ խումբով կը վազէինք մէկ շէնքէն միւսը:

Օրդ. Ճէմիլէն նախ կը բացատրէր թէ ինչ պիտի պատրաստէինք այդ օր: Եփելակերպը գրել կու տար մեզի եւ պարտականութիւնները բաժնելու կը սկսէր: Սեւագրութեան տետրակ ունէինք, որուն մէջ արձանագրուածը վերջը զարդագրերով պէտք էր անցնէինք յատուկ կաշեկազմ տետրակի մը:

 Շարքի պէտք էր կենայինք  նախ մեր ձեռքերը օճառելու, որմէ ետք մէկ առ մէկ Օրդ. Ճէմիլէն կը թելադրէր որ եփելակերպին մէջ արձանագրուած մէն մի գործածուելիք պտուղներն ու հաւկիթները լուալ:  Այդ օր մեզ երկու խումբի բաժնած էր երկու տարբեր խմորեղէն պատրաստելու համար. Պանանա Ֆրիթըրս եւ Էփըլ փայ:

– Սեդա՛, այս չորս հաւկիթներ դուն լուա՛, փլի՜զ։

– Էլի՛զ, այս խնձորները դուն առ, լուա՛ եւ կեղուելու սկսէ։

– Մարինա՛, սա պանաններն ալ դուն կը լուա՞ս։

Մարինան  իր սովորական ծիծաղկոտ աչքերով, աչք-յօնքով ծամածռութիւն մը ընելով

մեզի կը նայի եւ Օրդ. Ճէմիլէին դառնալով համարձակօրէն կը հարցնէ…

– Օրիո՛րդ, պանանն ալ կը լուացուի՞… կեղեւո՞վ թէ կեղուելէ ետք լուամ…

– Անշո՛ւշտ պէտք է լուացուի կեղուելէ առաջ, չես գիտեր քանի-քանի ձեռքերէ անցած

է…

Իրարու կը նայինք փորձելով ծածկել մեր զարմանքին հետ ծիծաղները:

Ամերիկեան կրթութիւն ստացած մեր Օրիորդ Ճէմիլէն նաեւ մեր խորհրդատուն էր ու տեսակ մը խոստովանահայրը, որուն հետ ազատօրէն շատ մը ընկերային հարցեր կրնայինք խօսիլ, տղաներու, ամուսնութեան թեկնածուներու եւ այլ հարցերու մասին: 

Հասուն աղջիկներ էինք արդէն, ութերորդ-իններորդ դասարանէն արդէն մեր ընկերուհիներէն մի քանին ամուսնացեր էին: Մեզմէ ոմանք ալ արդէն սկսած էին ըսելու, երբեմն հպարտութեամբ եւ երբեմն ալ ամօթխածութեամբ թէ «աղջիկտեսի» եկողներ եղած են իրենց տունը, կամ՝ գալու վրայ են:  Օրդ. Ճէմիլէն համբերութեամբ կը լսէր մեր խօսակցութիւնները, առանց միջամտելու կամ մեզ ընդմիջելու եւ յաճախ ալ խօսուածներուն հետեւելով քթին տակէն ժպտալով: Ազատութիւն տուած էր մեզի եւ մեզմէ ոմանք չարաշահելու աստիճան կ՚օգտուէին այդ ազատութենէն:

– Այս միջնորդը մամայիս ըսեր է, որ շատ հարուստ է տղան, իր անձնական խանութը

ունի, իր շահը հայրիկէն զատ է,  եւ առանձին տուն պիտի բանայ ինծի համար, եթէ ամուսնանամ հետը:

– Այսի՞նքն, կեսուր-մեսուր նոյն տունին մէջ պիտի չըլլա՞ն…  միաձայն եւ քիչ մըն ալ

թերահաւատութեամբ մի քանիներ կ՚ընդմիջեն: Այդ օրերուն մատի վրայ կը հաշուէին այն ամունութիւնները որ փեսացուն բարեկեցիկ ըլլալով կարենար «զատէն հարս ու փեսայի համար տուն բանալ»:

– Այո՛, այո, այդպէս կը խոստանան, բայց, ի՜նչ ալ խոստանան ես ուզողը չե՛մ, կ՚ուզեմ

ուսումս շարունակել, Հայաստան երթալ, կամ եթէ յաջողի՝ ընդունուիլ Պէյրութի ամերիկեանը՝ ԷյԵուՊի:

– Հայաստա՞ն, Պէյրութ ըսի՞ր, ինչու ծնողքդ կը ձգե՞ն որ ուրիշ երկիր կամ քաղաք

երթաս: Ինծի համար ալ Գահիրէէն թեկնածու մը կայ եղեր, լաւ է որ մամաս ըսաւ որ, եթէ նոյնիսկ գիտնամ որ աղջիկս տունը պիտի մնայ ես օտարութեան աղջիկ տուողը չեմ:  Իմ ըսելուս բան չմնաց,  ո՛չ ալ հարցնող եղաւ որ Եգիպտոս կ՚ուզե՞մ երթալ թէ ոչ:

Այդ օրերուն մանաւանդ շատ մօտայիկ էր, որ երիտասարդներ «զատ տուն» բանալու չափ բաւարար դրամ շահելու համար օտարութեան կ՚երթային Քուէյթ, Ապու Տապի կամ Քաթար եւ ամրան արձակուրդին Հալէպ քաղաքը կը վխտար «հարուստ» փեսացուներով: 

Միջնորդները գործի կ՚անցնէին անոնց ժամանելէն առաջ իսկ: Մի քանի աղջիկ շարքի կը դրուէին, ըստ պահանջի… թէ՛ համոզելու եւ թէ փեսացուէն հաւնուելու: Շլացուցիչ մասը աղջկան ընտանիքին համար փեսային արհեստ մը ունենալն ու  «զատ տուն բանալու» կարողութիւնն էր… խոստումներ՝ որ կրնային չիրականանալ ալ…            

Օրդ. Ճէմիլէն, որ այդ պահուն արդէն հաւկիթները զարնելու սկսած էր, պահ մը դադրեցուց իր գործը եւ կարծես ինքնիրեն խօսելով ըսաւ.

– Է՜հ, ժամանակին ալ, երբ Պէյրութ կ՚ուսանէի, Պէյրութէն, Ամերիկայէն ի՜նչ-ի՜նչ

թեկնածուներ ներկայացած էին. մայրս Հալէպ նստած իր խօսքը ունէր, որոշումը տուողը ինք էր, պատճառ դարձաւ իմ ընտանիք չկազմելուս… ամէն անգամ որ նման առաջարկ մը ըլլար լալով եւ բարձրաձայն կ՛ըսէր.

– Ես կը մեռնի՛մ, եթէ մէկ հատիկ աղջիկս օտարութեան հարս երթայ…

–  Օ՜,  Օրիորդ Ճէմիլէ….

Մարինան է որ դարձեալ մէջ կը մտնէ իր սովորական համարձակութեամբ.

– Մենք ալ մենք մեզի կ՚ըսէինք որ մեր այս անուշիկ Օրդ. Ճէմիլէն ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չէ ամուսնացած…

Օրդ. Ճէմիլէն իր պճլտուն նայուածքով եւ դեռատի աղջկայ պէս շիկնելով նայեցաւ

Մարինային եւ մէկ առ մէկ մեզ դիտելով գրեթէ շշնջալով աւելցուց…

–Այո՛, այն ատեն ես չհակառակեցայ մօրս որոշումին, պատճառ չդառնալու համար

մօրս մահուան… հիմա արդէն ինք մեռած է, իսկ ե՞ս՝ առանց իմ ընտանիքիս, անզաւակ մնացի… այս ալ ուրիշ տեսակ վերջ մըն է… չըսելու համար մահ է…

Դարձեալ Մարինան մէջը մտաւ իր հիւմորով…

– Օրդ. Ճէմիլէ, ո՞վ էր այդ երիտասարդը որ ձեր ձեռքը խնդրեց… հիմա ամուսնացած

է՞…  դուք դեռ շատ-շատ անուշիկ Օրիորդ մըն էք, եթէ ան չըլլայ, հիմա ալ պէտք է որ անպայման մէկը ըլլայ, որ ուզէ ամուսնանալ ձեզի հետ…

– Է՜հ, սիրելիս, ամէն ինչ իր ժամանակը ունի… իմ ժամանակս արդէն շատո՜նց անցած

է…

***

Այդ օրերուն չէինք գիտեր քանի տարեկան էր մեր Օրդ. Ճէմիլէն. միայն գիտէինք որ

ամերիկեան կրթութիւն ստացած էր, գիշերօթիկ մնացած էր: Առողջապահական բոլոր կանոններուն մասին կը խօսէր մեզի:  Զարմանքով կը լսէինք զինք, թէ մեր ձեռքերը ինչպէս պէտք էր լուայինք, փռնգտալու ատեն ինչպէս բերանը պէտք էր ծածկել, ճաշի սեղանին շուրջ ինչպէս նստիլ եւ պահել ինքզինքդ. մէկ խօսքով մեզի կը սորվեցնէր… Etiquette, Էթիքէթ, քաղաքավարական կանոնագրին իւրաքանչիւր կէտերը:

Այս օրերուն զարմանքով կը կարդամ իր կենսագրութիւնը որ ծնած է Այնթապ,

1901-ին, Յակոբ Նազարեան (ծնեալ 1872-ին) եւ Ռաքէլ Գարամանուկեան (ծնեալ 1877-ին) հայ բողոքական ընտանիքին մէջ: Ուսումը Այնթապէն մինչեւ Պէյրութ երկարած էր – Այնթապի վերջնական պարպումէն ետք ընտանիքը Հալէպ հաստատուելով ուսումը կը շարունակէ Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ:

Ուրեմն ի՜նչ…. այսքան տարի ետք նոր կ՚անդրադառնամ, որ այն տարիներուն որ մեզի կը դասաւանդէր հազիւ իր վաթսուններուն հասած ըլլալու էր արդէն: Այնքան նուրբ ներկայութիւն էր սակայն դասարանին մէջ: Իսկ շէնքին մէջ զինք կը դիտէինք միշտ իր յուշիկ քայլուածքով, կոկիկ եւ ճաշակաւոր հագուածքով, փայլուն աչքերուն հետ սպիտակ մորթով դէմքին վրայ մնայուն իր ամօթխած ժպիտով, այս բոլորը՝ յատուկ գրաւչութիւն մը կու տային իրեն, որ սրահին մէջ սփռելով կ՚երթար:

Տասնամեակներ անցած են: Նոր օրերու կրթական ծրագրի մէջ, հոս դպրոցներէն ներս հինգերորդ դասարանէն սկսեալ ազատօրէն կը խօսին երկսեռ-միասեռ յարաբերութիւններու մասին, յղիանալու եւ այդ «վտանգէն» ազատելու կամ արգելակելու պէտք եղած «օգնութիւնը» տալու: Մերը՝ ընկերային, բարոյագիտական եւ կենցաղավարական կանոններն էին, որոնք կ՚արծարծուէին, այն ալ երկրորդականի 10, 11րդ դասարանցիներուս համար,  մեր ուղեղներուն մէջ լեցնելով քաղաքավարութեան եւ յարգանքի այբենարանը, մեր մարմինն ու հոգին մաքուր պահելու կանոնագիրքը… մինչեւ մեր օրինաւոր ամուսնութիւնը:

***

Անգամ մը կարկանդակ պատրաստելու դասի երթալէն առաջ մեր դասարանի տղաքը խնդրած էին, որ մեր եփած խմորեղէնէն բաժին հանենք իրենց համար:

Չէինք գիտեր որ նոյն օրը Օրդ. Ճէմիլէն ալ իր կարգին խոստացած էր ուսուցչական կազմին տանիլ մեր այդ օրուայ պատրաստած խմորեղէնէն: Ընդհանրապէս համրուած չափով-քանակով կը պատրաստէինք եւ միայն մեզի համտեսելու չափ կը բաւէր մեր եփածը: Այդ օր բոլորս ալ զարմացած էինք, որ աւելցած խմորեղէն կար եւ Օրդ. Ճէմիլէն  խնամքով ափսէի մէջ շարելով մէկ կողմ դրած էր:

Պահը չվերջացած յանկարծ անդրադարձանք, որ Մարինան ափսէին հետ աներեւութացեր էր: Բոլորս երբ դասարան վերադարձանք, գիտէինք, որ արդէն Մարինան իր գործը տեսած էր,  կարկանդակին բոյրը դասարանին մէջ էր… եւ տղաքը ուրախ էին օրուայ կարկանդակը համտեսելով:

Կէս ժամ չանցած, յանկարծ դասարանին դուռը բացուեցաւ եւ Օրդ. Ճէմիլէն դասարանին չորս բոլորը նայելով կարկանդակի պարապ ափսէն տեսաւ: Հասկցաւ կատարուածը: Բարկանալու կամ յանդիմանելու առիթ չունեցաւ… Յակոբն էր որ Մարինան ազատեց գալիք հաւանական յանդիմանութենէն…

– Օրդ. Ճէմիլէ, վերջապէս բախտն ունեցանք ձեր պատրասատած համեղ կարկանդակը համտեսելու:  Մեռա՛նք մեր դասարանի աղջիկներէն խնդրելով, որ մեզ ալ նկատի առէք, այս ի՜նչ լաւ բան ըրիք որ մեզի ալ նկատի առիք…

Ի զարմանք բոլորիս, յանդիմանելու դէմք չունէր Օրդ. Ճէմիլէն: Ընդհակառակը, միեւնոյն համակրելի ժպիտով, առանց բարկանալու մեղմօրէն ըսաւ.

– Ձեզի համար չէր, ես ուսուցչական կազմին խոստացած էի այսօր… բայց անուշ ըլլայ,

յաջորդ անգամ ալ իրենց բաժինը կը պատրաստենք…

Անմոռանալի է Օրդ. Ճէմիլէն, իր համեղ կարկանդակներուն հետ բարեհամբոյր

ժպիտով…

 

Նիւ Եորք, Յունիս 2017

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ